ՀՀ Քննչական Կոմիտէի ծառայողներու կողմէ կատարուած քննչական եւ վարութային գործողութիւններու, ինչպէս նաեւ ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցների կողմէ իրականացուած ծաւալուն գործնական-հետախուզական միջոցառումներու շնորհիւ բացայայտուած են հաւաքներուն մասնակցելուն Վանաձոր քաղաքի բնակիչին կողմէ նիւթապէս շահագրգռելու դէպքեր:
Այսպէս՝ ընկերային խնդիրներ ունեցող եւ բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան շահառուներ հանդիսացող Վանաձոր քաղաքի խումբ մը բնակիչներ ՀՀ ազգային անվտանգութեան Լոռիի մարզային վարչութեան Վանաձորի բաժնին մէջ հաղորդում ներկայացուցած են այն մասին, որ իրենց համաքաղաքացի 27-ամեայ երիտասարդը, նիւթապէս շահագրգռելով՝ գումարներ տրամադրելով, իրենց մասնակից դարձուցած է 2024թ. Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իրականացուող հաւաքներուն եւ բողոքի շարժումներուն:
Պարզուած է որ 2024 թուականի Մայիս 9-ին նոյն անձնաւորութեան կազմակերպմամբ, անոր տրամադրած փոխադրամիջոցով, բարեգործական ճաշարանի խումբ մը շահառուներ մեկնած են Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակ եւ մինչեւ ուշ երեկոյ մասնակցած են «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման կողմէ հրաւիրուած հանրահաւաքին, ապա, այնտեղ յիշեալ անձնաւորութենէն ստանալով նախապէս խոստացուած 3.000-ական ՀՀ դրամ գումարները, նոյն փոխադրամիջոցով վերադարձած են Վանաձոր քաղաք: