Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը Լոս Անճելեսի մէջ հանդիպած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նախագահ Դոկ. Նազարէթ Տարագճեանի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան աւագ հովիւ վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեանի եւ միութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Ողջունելով հիւրերուն նախագահ Խաչատուրեան բարձր գնահատած է Հայաստանի անկախացումէն ի վեր Աւետարանչական Ընկերակցութեան որդեգրած յստակ դիրքորոշումը՝ հնարաւորինս աջակցել պետականութեան կայացմանն ու ամրապնդմանը, ինչպէս նաեւ երախտիքի խօսք յայտնած է Աւետարանչական Ընկերակցութեան կողմէ մինչ օրս բազմաթիւ մարդասիրական եւ ընկերային ծրագրիրներու իրականացման համար:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար հանդիպման մասնակիցները վերահաստատած են Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան միանշանակ պատրաստակամութիւնը յառաջիկային եւս հնարաւոր կարողութիւններով նպաստել Հայաստանի զարգացմանն ու հզօրացմանը:
Հանդիպման ընթացքին անմիջական մթնոլորտի մէջ մտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային ընդհանուր զարգացումներու եւ իրողութիւնների վերաբերեալ:
Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, պատասխանելով ներկաները յուզող հարցերուն, մանրամասնութիւններ յայտնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող սահմանազատման գործընթացի ներկայիս փուլի եւ ընդհանուր սկզբունքներուն վերաբերեալ:
Իր խօսքին մէջ նախագահը նշել է, որ Հայաստանը հաստատակամօրէն կը շարժի Ատրպէյճանի եւ բոլոր հարեւան երկիրներու հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատման ու զարգացման ուղիով, առաջնորդուելով երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան անխաթարութեան, ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան անձեռնմխելիութեան սկզբունքներով եւ միջազգային հիմնարար իրաւունքներով եւ նորմերով: Այս համատեքստին մէջ շեշտուած է երկիրներու միջեւ փոխվստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորմանն ուղղուած քայլերու խթանման կարեւորությունը:
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նախագահի՝ «սիլիքոնաեան հովիտ» կատարած այցելութեան արդիւնքներուն եւ այդ համատեքստին մէջ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումներուն եւ զարգացման հիմնական միտումներուն:
Հանդիպման ընթացքին շօշափուած են նաեւ հանրային կեանքէն ներս եկեղեցական համայնքի եւ հոգեւորականութեան ընելիքներու եւ գործառոյթներու վերաբերեալ հարցեր, մատնանշուած են այս բնագաւառէն ներս առկայ խնդիրներն ու անոնց լուծման ուղիները:
Զրոյցի ընթացքին ընդգծուած է քաղաքական, հասարակական, հոգեւոր կազմակերպութիւններու ջանքերու մէկտեղման անհրաժեշտութիւնը` հանրային համերաշխութեան եւ միասնական օրակարգերու ձեւակերպման նպատակով: