Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԱՀԿ Կ’ողջունէ Սահմանազատման Գործին Մէջ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Արձանագրած Յառաջընթացը․ Յայատարարութիւն

ԵԱՀԿ Կ’ողջունէ Սահմանազատման Գործին Մէջ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Արձանագրած Յառաջընթացը․ Յայատարարութիւն

by MassisPost

ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Մալթայի արտաքին գործերու, եւրոպական հարցերու եւ առեւտուրի նախարար Իեն Պորճը Հայաստան կատարած այցի ընթացքին ընդգծած է կազմակերպութեան անսասան յանձնառութիւնը ԵԱՀԿ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան խթանման:

Այս մասին ըսուած է ԵԱՀԿ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Կը նշուի, որ Հայաստանի բարձրաստիճան ղեկավարութեան հետ հանդիպումներուն ընթացքին Պորճ քննարկած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շարունակուող խաղաղութեան գործընթացը:

«ԵԱՀԿ պատրաստ է աւելի աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալու, աջակցելու մարդկային տառապանքները յաղթահարելու եւ մարդոց համար աւելի լաւ ապագայ ապահովելու ջանքերուն՝ շնորհիւ մեր հմտութիւններու եւ փորձագիտական գիտելիքներու լայն շրջանակին: Միաժամանակ, մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ բոլոր այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք դրական ազդակ կը ստեղծեն հակամարտութեան եւ անոր հետեւանքներու արդիւնաւէտ յաղթահարման համար»,- նշած է Պորճ:

Ան ողջունած է սահմանազատման գործին մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արձանագրած յառաջընթացը եւ կոչ ըրած շարունակել այդ գործընթացը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment