Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հանդիպած է ԱՄՆ-ի մէջ Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի հետ:
Տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը, ողջունելով նախագահին այցը, նշած է, որ պետական բարձր պաշտօնեաներու ներկայութիւնը Առաջնորդարանին մէջ եւ, ընդհանրապէս, Սփիւռքի կազմակերպութիւններու հետ հանդիպումներու հնարաւորութիւններու կեանքի կոչումը յաւելեալ լիցք կը հաղորդէ ոչ միայն Հայաստանի եւ Սփիւռքի գործարար, հոգեւոր եւ պարզ մարդկային յարաբերութիւններու ամրապնդման, այլեւ կ’ոգեւորէ Հայրենիքէն հեռու ապրող հայերը՝ իրենց գործունէութեան հետագայ խթանման գործին մէջ:
Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը իր խօսքին մէջ նշած է. «Այստեղ Ձեր այցը համարէք նաեւ այց Ձեր տուն: Այս աղօթքի տունը հաւասար չափով նաեւ Ձեր տունն է: Ձեր այցելութեամբ Դուք ներկայացնում էք Մայր հայրենիքը եւ վստահ եմ, որ իւրաքանչիւր տեղ, իւրաքանչիւր հանդիպում, որտեղ նաեւ առիթ ու պատիւ էք ունենում ողջունելու մեր ժողովրդի զաւակներին, կը լցնէք նաեւ բոլորի հոգիները եւ էութիւնը հայրենասիրութեամբ եւ կը նորոգէք նաեւ իրենց ուխտը Հայրենիքի հաւատարմութեան նկատմամբ»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան եւ «ճշմարիտ խօսքերու համար» նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ըսած է. «Ձեր խօսքերը շատ կարեւոր են բոլորիս, ինչպէս նաեւ այս դժուարին ժամանակներում մեր պետութեան համար: Կիսում եմ Ձեր տեսակէտը, որ՝ իսկապէս փորձութիւնների միջով անցնելով ենք մենք ճիշդ ուղին գտնում: Ցաւօք սրտի, այդ փորձութիւնները կուտակուեցին յատկապէս 2020 թուականից յետոյ, եւ մեծ դժուարութիւններ են առաջացրել, բայց մենք աստիճանաբար յաղթահարելու ենք դրանք:
«Մեր խնդիրը շատ յստակ է, մենք հարեւանների հետ, անկախ մեր պատմական տարբեր ժամանակաշրջանում ունեցած խնդիրներից, պէտք է կարողանանք ապրել: Մենք չենք կարող Հայաստանը վերցնել տանել ուրիշ տեղ, եւ իրենց էլ չենք կարող պարտադրել տեղափոխուել: Պատմականօրէն ձեւաւորուած միջավայր է, որի հետ կապուած մենք հազարաւոր տարիներ խնդիրներ ենք ունեցել, պատերազմներ ենք ունեցել, բայց, ի վերջոյ, կանք եւ կը շարունակենք լինել»: