Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անկողմնակալ Դիտարկութիւն – Neutral Observation

Անկողմնակալ Դիտարկութիւն – Neutral Observation

by MassisPost

 

Ամէն գնով Հայաստանի ժողովուրդին խաղաղութիւն շնորհելու Փաշինեանի ջանքերը հասկնալի պէտք է թուին բոլոր անոնց որոնք իրապաշտութիւնը կը նկատեն առաջնահերթութիւն և մեր սահմանափակ կարողութիւններէն դուրս երազային աշխարհի մէջ ապրելու տենջանքով, հայրենասիրութիւնը չարաչար գործածելով չեն մոլորեցներ իրենց շրջապատն ու հետեւորդները:

Զայս ըսելով, (having said that), պիտի ուզեմ ինքնախօսութիւն մը ունենալ իմ արեւմտահայ գաղթական տէտէի ու նէնէի թոռ անձիս հետ, որ իր կեանքը սա աւագ տարիքին հասցուց երկրպագութեան աստիճան խոնարհելով բոլոր ազգային արժէք նկատուող սրբոթիւններու առջեւ որ արեւմտահայաստանով կը մարմնաւորուէր ու կ’իմաստաւորուէր:

Ու երբ հայաստանցին կ’ապրէր իր շօշափելի հարենիքին մէջ, ես ու իմ նման սփիւռքահայը ապրեցաւ երազային Հայաստանի մը մէջ որ պատմականն է, իր Մասիսով, Անիով, Մուշով ու Սասունով, և Արցախով ու Նախիջեւանով:

Պատմական Հայաստանի և իրական Հայաստանի տարբերութիւնը յաճախ իրապաշտօրէն մեզի բացատրող և հասկցնել ուզող Փաշինեանի իշխանութիւնը

իրաւունք ունի հայաստանցիին հանգիստը ապահովելու, կեանքի մակարդակը բարելաւելու իր քարոզչութեան մէջ: Սակայն, այդ հանգիստը ապահոված և իր կեաքի մակարդակը բարելաւած սփիւռքահայը, որ չունի հայաստանցի հայուն այդ երկու մտահոգութիւնները, ինք ալ ունի իր երազային Հայաստան ունենալու իրաւունքը:

Կը պատահի որ երկու հակառակ կողմեր իրաւունք ունենան մեկնած իրենց պարագայական տուեալներէ :

Հայաստանցին իրաւունք ունի խաղաղութիւն կնքելով բարելաւել իր կեանքը:

Սփիւռքահայն ալ իրաւունք ունի յափշտակուած պատմական Հայաստանի իր իրաւունքները պահանջելու երազանքով ապրելու:

Ու ի տես Փաշինեանի իշխանութեան անխոնջ և անտրտունջ ջանքերուն, որ

Հայաստանին խաղաղութիւն բերելու համար, ”սանթուխն ի վեր տաժանելի և դժուարին” ընթացքը ընտրած է, հեռանալով մեր դարաւոր դաշնակից՝ Ռուսէն , հասկնալի և արդար պատճառներով, մօտենալով մեզ յաճախ ծուղակը նետող  արեւմուտքին գիրկը, մարդ մտովին կ’երթայ պատմութեան էջերը պրպտելու որոնց մէջ կը գտնէ նմանօրինակ մը մօտաւորապէս կէս դար առաջ, երբ Եգիպտոսի ռուսամէտ նախագահ Կամալ Ապտըլնասէրի 1967-ի վեցօրեայ պարտութենէն ետք, անոր յաջորդը, նախագահ Անուար Սատաթ, հեռացաւ Ռուսիայէն և ինկաւ արեւմուտքի գիրկը, յուսալով որ Իսրայէլի հետ խաղաղաութիւն կնքելով իր ժողովուրդին ապահովութիւն կը պարգեւէ և անոր կեանքը կը բարելաւէ:

Ժամանակը եկաւ փաստելու որ արեւմուտքին գիրկը ինկած Եգիպտոսը, իր ստացած ամերիկեան բազմամիլիառ նպաստներով, տնտեսական բարելաւում չճանչցաւ, և ոչ ալ եգիպտացին իր թշնամի Իսրայէլին հետ խաղաղ ապրելու վիճակը ընդունելով գոհացաւ:

Նման վերլուծում մը անկողմնակալ դիտարկութիւն է և առաջարկ մը ընելու երբեք չմտիր: Մեր ժողովուրդը արդարօրէն ռուսէն լքուած ըլլալու տրտունջքը ունի և արեւմուտքին հետ ալ խափուած ըլլալու փորձութիւնը ունի:

Անկողմնակալ դիտարկութիւն կարելի չէ ընել, սակայն, և նողկանքով ու արհամարհանքով չլեցուիլ հանդէպ անոնց որոնք մեր ազգային ամենէն աւելի սրբավայր նկատուող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը փողոցի վերածեցին իրենց փողոցային պոռչտուքներով երբ Փաշինեանի կինն ու աղջիկը ծաղիկներ ձեռքերնին հոն խոնարհելու գացած էին, մեր մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակին առջև ծնրադրելու:

ԱՄՕԹ, հազար ամօթ անոնց, որոնք իրենց պոռչտուքներով սրբապդծեցին այդ սրբատեղին, խորհելով որ հոն քաղաքականութիյն խաղալով հայրենասէր կամ ազգասէր ըլլալու դիմակ կը հագուին:

Ապրիլ 24-ի ոգեկոչման հանդիսութիւններու ընթացքին, աշխարհի տարբեր տեղերու մէջ համերաշխութիւնը չյարգող և մեր զոհերու յիշատակը սրբապղծող կուսակցականները, թող ուրիշ տեղերու մէջ և ուրիշ առիթներով թափեն իրենց զայրոյթը որքան որ կ’ուզեն, որուն հետեւանք որպէս կը շարունակեն կորսնցնել մեր ժողովուրդի մեծամասնութեան սէրն ու յարգանքը:  Անոնք պէտք է սորվին որ գիտակից  դարձած մեր ժողովուրդը այլեւս կուրօրէն անոնց դաւանած և քարոզած անիրապաշտ հայրենասիրութեան չհաւատար և անոնց գորժակից անցեալի վաշխառու նախագահներուն վերադարձը երբեք չցանկար:

Միշտ հայրենի պետութեան կողքին ըլլալը առաքինութիւն է, զանց առած հոն տիրող իշխանութենէն: Ամերիկահայ պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, իր քանի մը տարի առաջ գրած The Social Democrat Hunchakian Party and the First Republic of Armenia (1918-1920) յօդուածին մէջ յիշած է թէ Հնչակեանները եղած են հայաստանի Ա. հանրապետութեան ՀՅԴ-ի իշխանութեան կողքին, երբ միւս բոլոր կուսակցութիւնները եղած են հակառակ այդ իշխանութեան: Ու երբ  Հայաստան Սովետական դարձաւ, Հնչակեանները նորէն կեցան անոր կողքին հաւատալով որ պետութիւնն է էականը և ոչ իշխանութիւնը: Նոյնը կ’ընեն անոնք այսօր կենալով Փաշինեանի իշխանութեան կողքին որովհետեւ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄՆԱՅՈՒՆ Է ԻՍԿ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԳՆԱՅՈՒՆ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment