ՀՀ գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեանը Ազգային Ժողովին մէջ կը ներկայացնէր կառոյցի տարեկան զեկոյցը։
Ատրպէյճանի մէջ պահուող գերիներու եւ Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վերադարձի մասով ի՞նչ աշխատանք կը կատարէ դատախազութիւնը՝ հարցումին ի պատասխան, Վարդապետեան յիշեցուցած է, որ երկու անգամ Ռուսաստանի գլխաւոր դատախազին աջակցութեամբ եւ միջնորդութեամբ հանդիպած է Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազին հետ: Այդ ձեւաչափով այլ հանդիպում դեռեւս տեղի չէ ունեցած:
Առկայ խնդիրը նաեւ կը բարձրաձայնուի եւ կը պարզաբանուի միջազգային գործընկերներու հետ հանդիպումներուն ժամանակ:
«Մէկ շաբաթ առաջ շատ բարձր ներկայացուածութիւն ունէինք դատախազների: Մօտ 30 դատախազ 11 եւրոպական երկրից իմ հրաւէրով այցելել էր Հայաստան: Հիմնականում գլխաւոր դատախազներ եւ գլխաւոր դատախազների տեղակալներ էին, որոնք այս խնդիրներից տեղեկացուած են:
«Նաեւ գիտէք, որ գործերից մէկով Ռուսաստանում Ատրպէյճանի պլոկըր էր ձերբակալուել: Եւ դա էլի մեր հարցման արդիւնքում էր, բայց պատշաճ իրաւական ընթացակարգ չստացաւ, եւ քաղաքական որոշակի գործընթացներ սկսուեցին, եւ մեզ ժամանակ չտրուեց ներկայացնելու փաստաթղթեր, յետոյ փորձեցին մանիփուլացնել: Դա, ի հարկէ, արդէն իրաւաբանութիւնից դուրս պատմութիւն է»,- յայտարարած է գլխաւոր դատախազը։