ԱՄՆ 66 գոնկրէսական երկրի Ներկայացուցիչներու Պալատի յատկացումներու յանձնաժողովին կոչ ըրած է 200 միլիոն տոլար յատկացնել Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած փախստականներուն, աւելցնել ԱՄՆ ռազմական օգնութիւնը Հայաստանին, դադրեցնել բոլոր ռազմական ու անվտանգութեան յատկացումները Ատրպէյճանին եւ ուսումնասիրել ատրպէյճանցի պատերազմական յանցագործներու դէմ պատժամիջոցներու կիրառման հարցը։
Գոնկրէսականները նամակին մէջ կոչ ըրած են նաեւ Հայաստանին յատկացնելու 20 միլիոն տոլար ռազմական ֆինանսաւորում, 10 միլիոն տոլար՝ արտերկրի մէջ ռազմական կրթութեան եւ վերապատրաստման համար, եւս 10 միլիոն տոլար՝ իրաւական բարեփոխումներու, 10 միլիոն տոլար ալ՝ ժողովրդավարական բարեփոխումներու համար:
Նամակին հեղինակները յատկապէս մտահոգութիւն յայտնած են Հայաստանի դէմ նոր պատերազմ հրահրելու՝ Ալիեւի վարչակարգի մտադրութիւններուն վերաբերեալ։ Գոնկրէսականները ըսած են, որ Իլհամ Ալիեւը իր ցեղասպան գործողութիւններով բազմիցս ապացուցած է, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ արդար խաղացող չէ, եւ Միացեալ Նահանգները պէտք չէ որեւէ օգնութիւն տրամադրէ անոր վարչակարգին անվտանգութեան ոլորտին մէջ:
Ամերիկացի օրէնսդիրները դատապարտած են ԱՄՆ Պետակա Քարտուղարութեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը պատասխանատուութեան չեն ենթարկեր մարդու իրաւունքներու խախտումներուն համար: «Վաղուց ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգները լրջօրէն մտածէ պատժամիջոցներ սահմանելու մասին, որպէսզի ատրպէյճանցի պաշտօնեաները պատասխանատուութեան ենթարկուին միջազգային իրաւունքի բոլոր խախտումներուն համար»,- կ’ըսուի նամակին մէջ։