Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Գլխաւոր Դատախազութիւնը 2023-ին Վերականգնած Է Շուրջ 5 Միլիառ 63 Միլիոն 193 Հազար Դրամին Համարժէք Գոյք

Գլխաւոր Դատախազութիւնը 2023-ին Վերականգնած Է Շուրջ 5 Միլիառ 63 Միլիոն 193 Հազար Դրամին Համարժէք Գոյք

by MassisPost

Գլխաւոր Դատախազութիւնը, պետական եւ համայնքային շահերու պաշտպանութեան հայց յարուցելու բացառիկ լիազօրութեան շրջանակին մէջ, 2023 թուականին վերականգնած է, նախնական գնահատմամբ, շուրջ 5 միլիառ 63 միլիոն 193 հազար դրամին համարժէք գոյք (12 միլիոն 658 հազար ԱՄՆ տոլար)՝ 460 անգամ ավելի, քան 2022 թուականին (2022 թուականին վերականգնուած է ընդամէնը 11 միլիոն դրամ):

Այս մասին յայտնած է ՀՀ գլխաւոր դատախազի տեղակալ Լիլիթ Գրիգորեանը՝ «Միջազգային համագործակցութեան արդիւնաւէտութեան ամրապնդումը՝ անդրազգային կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարին մէջ» թեմայով խորհրդաժողովին ժամանակ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment