Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանը ՄԱԿ-ի դատարանին մէջ «Հայաստանը ընդդէմ Ատրպէյճանի» գործով լսումներու ժամանակ յայտարարած է, որ Ատրպէյճանը կը խեղաթիւրէ Հայաստանի ներկայացուցած փաստական ապացոյցները։
Եղիշէ Կիրակոսյեանը այդ մասին ըսած է՝ հանդէս գալով եզրափակիչ ելոյթով եւ անդրադարձած է դատարանին մէջ ատրպէյճանական կողմին ներկայացուցած առարկություններուն Հայաստանի ներկայացուցած ապացոյցներուն։
Կիրակոսեանը յայտարարածլ է, որ Ատրպէյճանի մարտավարութիւնը ձախողած է, եւ անոր դիրքորոշումը չի նպաստեր արդարադատութեան իրականացման:
«Ատրպէյճանի ցեղապաշտական բռնութիւնները, կամայական կալանաւորումները եւ, ի հարկէ, հայերի նկատմամբ իրականացրած բռնութիւններն ակնյայտօրէն կարող են տեղաւորուել Ցեղապաշտական խտրականութեան վերացման յանձնաժողովի (CERD) շրջանակներում: Այս սարսափելի գործելակերպը հակասում է այդ յանձնաժողովի բոլոր մասնակից պետութիւնների կողմից ստանձնած խոստումներին»,- իր խօսքին մէջ նշած է Կիրակոսեանը:
Ան յաւելած է, որ Միջազգային դատարանը իր առջեւ ունի բոլոր անհրաժեշտ տարրերը Ատրպէյճանի առարկութիւնները հեշտութեամբ մերժելու համար։
Աւարտելով իր միտքը եւ շնորհակալութիւն յայտնելով ՄԱԿ-ի դատարանին՝ Եղիշէ Կիրակոսեան ըսած է, որ դատաւորները կրնան շատ յստակ հերքել եւ մերժել դատական գործի շրջանակներուն մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուած առարկութիւնները, քանի որ անոնք կը հակասեն օրէնքի ոգիին եւ տառին։