ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան մամուլի քարտուղարի առաջին տեղակալ Վետանթ Փաթելին ճեպազրոյցի ժամանակ հարցում յղած են՝ կապուած Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու դուրսբերման հետ. «տեղեկութիւններ կը ստացուին, որ ռուսերը… սկսած են իրենց ուժերը, եթէ կ’ուզէք՝ խաղաղութեան խանգարողները դուրս բերել Ատրպէյճանէն եւ ուղարկել Ուքրանիա։ Ի՞նչ է ձեզի յայտնի: Եւ ի՞նչ կը կարծէք՝ այդ ին՞չ հետեւանքներ կ’ունենայ թէ՛ Հարաւային Կովկասի, թէ՛…»:
Ի պատասխան Փաթել ըսած է. «Ինչպէս գիտէք, մենք չենք եղած եռակողմ համաձայնագրի կողմ, որ վերջ դրաւ 2020 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններուն, եւ որուն հիման վրայ ռուսական զօրքերը տեղակայուեցան այդ տարածաշրջանին մէջ։
Անկեղծ ըսած, մենք չենք տեսած որեւէ բան, որ ցոյց կու տայ, որ ռուս զինուորականները իրենց ներդրումը կ’ունենան Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի աւելի խաղաղ եւ կայուն ստեղծման, եւ անցեալ աշնան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները այդ կը վկայեն եւ անոր եւս մէկ վառ օրինակն են առ այն, որ Ռուսաստանը յուսալի դաշնակից կամ գործընկեր չէ»։