Հայաստանի Ազգային Ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունեց Օգոստոս 3-ը որպէս 2014 թուականի Սինճարի եզտիներու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր սահմանելու նախագիծը:
«Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստին ընդունուեցաւ միաձայն՝ ստանալով 79 կողմ ձայն:
Նախագիծը ներկայացուցած էր իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան՝ ազգութեամբ եզտի պատգամաւոր Ռուստամ Բաքոյեանը:
Արտաքին գործերու փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեանը յայտնեց կառավարութեան հաւանութիւնը ու ընդգծեց այդ նախաձեռնութեան նշանակութիւնը՝ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ ու նպաստը՝ հայ եւ եզտի ժողովուրդներու բարեկամական կապերու աւելի ամրապնդման գործին մէջ:
2014 թուականի Օգոստոս 3-ին «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ տեղի ունեցած են յարձակումներ եզտիներով բնակեցուած Իրաքի Սինճար քաղաքին վրայ, ուր սպաննած են աւելի քան երեք հազար մարդ: Սովի, ծարաւի եւ անտանելի շոգի հետեւանքով մահացած են լեռներու մէջ ապաստան գտած մօտ հազար մարդ, աւելի քան 200 հազար եզտիներ դարձած են փախստական, առեւանգուած են 13-56 տարեկան շուրջ 5000 կանայք եւ աղջիկներ: Վերջիններուս կեանքի պահպանման նախապայման եղած է իսլամի ընդունումը եւ ամուսնութիւնը ճիհատիստներու հետ: