«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը հերթական ֆինանսական աջակցութիւնը ցուցաբերած է Լիբանանի հայ կրթական հաստատութիւններուն` Լիբանանի հայ համայնքին տրամադրուող շարունակական օգնութեան ծրագրի շրջանակին մէջ: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը։
Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի` «Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամի» կողմէ տրամադրուած 100 հազար ԱՄՆ տոլարը պիտի ուղղուի՝ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին, Վահան Թեքէեան վարժարանին, Հայ Աւետարանական, Սահակեան-Լեւոն Մկրտչեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան, Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճներուն, Ազգային Նուպարեան վարժարանին, , Հ.Բ.Ը. Միութեան վարժարաններուն, Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին, Սրբոց Հռիփսիմյեանց, Ս. Խաչ-Հարպոյեան, Մեսրոպեան վարժարաններուն, Ազգային Միացեալ վարժարանին, Մխիթարեան եւ Հայ Աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան Երկրորդական վարժարաններու ուսուցչական եւ տեխնիկական անձնակազմերուն:
Նշենք, որ Լիբանանի հայ կրթական հաստատութիւններու օժանդակութեան ծրագիրը սկիզբ առաւ 2019-ի Դեկտեմբերին, երբ Լիբանանի մէջ սկսաւ ընկերա-տնտեսական ճգնաժամը, որ աւելի խորացաւ 2020-ի Օգոստոսին` Պէյրութի աղէտալի պայթումէն յետոյ։ Ընդհանուր առմամբ, 2019-էն ցայսօր Լիբանանի հայ համայնքի տարբեր կարիքներուն, այդ շարքին նաեւ կրթօճախներուն Հիմնադրամը տրամադրած է շուրջ 2.165.000 ԱՄՆ տոլար։