Փետրուարին Հայաստանի մէջ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը նախորդ տարուայ նոյն ամսուան համեմատ աճած է 16.3 %-ով։
Այս մասին տուեալներ հրապարակած է ՀՀ Վիճակագրական Կոմիտէին։
Ամենաբարձր աճը արձանագրած է արտաքին առեւտրաշրջանառութեան ոլորտը՝ 2,2 անգամ։ Ներմուծումը աճած է շուրջ 80 %-ով, իսկ արտահանումը՝ շուրջ 3 անգամ։ 36,4 %-ով աճած է արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը, 28,3 %-ով՝ առեւտրաշրջանառութիւնը, 11,7 %-ով շինարարութեան ծաւալը, 6 %-ով՝ ծառայութիւններու ծաւալը։
Սպառողական գիներու ցուցակը նուազում արձանագրած է 1,7 %-ով, արդիւնաբերական արտադրանքին գիները՝ 0,6 %, ելեկտրականութեան արտադրութիւնը՝ 3,1 %-ով։
Ընդհանուր առմամբ այս տարուայ առաջին երկու ամիսներուն նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը աճած է 13,6 %-ով։