Վերջին օրերուն արձանագրուեցան բազմաթիւ զարգացումներ, որոնց առանցքը կը կազմէին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ սերտացող յարաբերութիւնները, յատկապէս ռազմական ոլորտէն Ներս: Հայաստանի վարչապետի Փարիզ այցելութիւնը, նախագահ Մաքրոնի յայտարարութիւնները, Միսաք Եւ Մելինէ Մանուշեաններու աճիւնները Ֆրանսայի մեծագոյն գործիչներու Պանթէոնին մէջ ամփոփելու արարողութիւնը ու ասոնց անմիջապէս յաջորդող` Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարի այցելութիւնը Երեւան չվրիպեցան նոյնիսկ միջազգային մամուլի ուշադրութենէն: Խօսուն էր Ամերիկեան «Politico» հեղինակաւոր հրատարակութեան` «Ֆրանսան դրօշակ կը տնկէ Ռուսաստանի ետնաբակին մէջ» խորագիրը կրող յօդուածը, որ կու գար ըսելու թէ Հայաստանին զէնք վաճառելով Ֆրանսան ոչ միայն կը զայրացնէ Ատրպէյճանին, այլեւ Ռուսաստանին:
Այս բոլորին վրայ եկաւ աւելնալու Նիկոլ Փաշինեանի «France 24»-ին տուած հարցազրոյցը, որուն ընթացքին Հայաստանի վարչապետը առաջին անգամ ըլլալով հրապարակաւ յայտարարեց, որ գործնականին մէջ սառեցուած է Երեւանի մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ի կազմակերպութիւններուն մէջ: Վերջին ամիսներուն Հայաստան կը մերժէր իր մասնակցութիւնը բերել Մոսկուայի կողմէ ղեկավարուող ռազմական դաշինքի միջոցառումներուն, մեղադրելով զայն իր պայմանագրային պարտաւորութիւնները չկատարելու մէջ:
Ե’ւ Փարիզի մէջ` նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ե’ւ Երեւանի մէջ` զինուած ուժերու նախարար Սեպասթիան Լըքորնիու յայտարարեցին իրենց յանձնառութիւնը` պաշտպանելու Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը: «Հայաստանը եւ Եւրոմիութիւնը կը ցանկան նոր գործընկերութեան ժամանակացոյց: Բառերէն այն կողմ Ֆրանսան Հայաստանի կողքին է, որովհետեւ արդարութիւնը, արդարադատութիւնը, ազատութիւնը եւ միջազգային իրաւունքը մեզի համար կարեւոր են»,- յայտարարեց Ֆրանսայի նախագահը: Իսկ, նախարար Լըքորնիու Երեւանի մէջ ըսաւ,- «Եթէ Հայաստանը կարիք ունենայ, ապա կարճ, միջին եւ այլ հեռաւորութեամբ հրթիռները եւս պիտի ըլլան ձեր տրամադրութեան տակ», ու աւելցուց «Մենք Ֆրանսան ենք, եւ թոյլ չենք տար մեզ վախցնեն», անդրադառնալով ռուսական եւ ատրպէյճանական տեղեկատուական յարձակումներուն, որոնց թիրախ կը դառնայ Փարիզ այդ երկու երկիրներուն կողմէ:
Ֆրանսացի նախարարը Երեւան եկաւ ոչ միայն զօրակցական արտայայտութիւններ ունենալու ու խոստումներ տալու, այլ եւ իր հետ բերաւ կարգ մը զինատեսակներ, որոնց շարքին գիշերային տեսողութեան ակնոցներ, որոնք խիստ կարեւոր են ռազմադաշտի վրայ:
Այս բոլորը ջղագրգիռ դարձուցած են ռուսական եւ Հայաստանի փութինեան շրջանակները, որոնք արշաւ սկսած են ֆրանսական զէնքերու որակին դէմ, փորձելով համոզել հանրային կարծիք« որ նախընտրելի է ռուսական զէնքին ապաւինիլը, քան ֆրանսականին: Այդ տեսակէտը առաջ մղողներ կը սխալին երկու մակարդակներու վրայ: Առաջինը այն է որ« 44-որեայ պատերազմէն յետոյ Մոսկուան մերժեց Հայաստանին մատակարարել խոստացուած զինատեսակներ` մղելով Երեւանի փնտռելու զէնքի այլընտրանքային աղբիւրներ: Երկրորդը` միջազգային ռազմական փորձագէտներու կարծիքով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ետք, Ֆրանսան աշխարհի երկրորդ առաջատար երկիրն է արդիական զինատեսակներու արտադրութեան գծով: Հետեւաբար, Հայաստանի համար աւելի նպաստաւոր է անցում կատարելը` դէպի ֆրանսականին եւ այլ երկիրներու զինատեսակներուն, քան սպասել, թէ երբ Ռուսաստան պիտի կատարէ իր դաշնակցային պարտաւորութիւնները, երբ Պաքուի բռնապետը ամէն օր կը սպառնայ Հայաստանի դէմ նոր պատերազմով:
Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւնները թեւակոխելով նոր նշաձող Հայաստանի առջեւ կը բացուին նոր հորիզոներ: Ռուսաստանի հետ կապերուն մէջ որոշ վտանգներ պարունակելով հանդերձ, այս նոր ռազմավարութիւնը կը մնայ աւելի յուսադրող ու նպատակայարմար: Վերջին տարիներու ռազմական ձախողումներէն ետք, Հայաստանի կառավարութիւնը այսօր կը շարժի միայն իր երկրի շահերէն մեկնած, որքան որ ալ այդ անհանգստութիւն պատճառէ մեր երբեմնի դաշնակիցին:
Հայութիւնը ամենուրէք կÿողջունէ Ֆրանսայի խիզախ կեցուածքը մեր Հայրենիքին նկատմամբ:
Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»