Ռուսիոյ Արտաքին գործերու նախարարութեան ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան իր ճեպազրոյցին ժամանակ անդրադարձած է Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի յայտարարութեան այն մասին, որ Ռուսիոյ սահմանապահները պէտք է դուրս գան «Զուարթնոց»-էն:
Անոր խօսքով՝ Մոսկուան այդ յայտարարութիւնը կը դիտարկէ որպէս պաշտօնական Երեւանի «ոչ-բարեկամական պահուածքի հերթական դրսեւորում»:
«Այդքան ալ պարզ չէ, թէ որքանով ԱԺ խօսնակը պատասխանատու է իր բարձրացուցած թեմային համար: Մենք ՀՀ իշխանութիւններէն որեւէ հարցում չենք ստացած այս հարցով: Մենք միշտ կը յարգենք ինքնիշխան պետութիւններու ազգային օրէնսդրութիւնը», ըսած է ան։
ՀՀ տարածքին ռուս դասալիք Տմիթրի Սէթրաքովն ալ բերման ենթարկելու քայլը ան համարած է ոչ-անօրինական գործողութիւն․ «Ես կրնամ ձեզի վստահեցնել, որ Ռուսաստանի ներկայացուցիչներուն կողմէ որեւէ անօրինական գործողութիւն չէ կատարուած»։
Յիշեցնենք՝ Փետրուար 27-ին Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը լրագրողներու հետ զրոյցին յայտնած էր, որ ռուս սահմանապահները պէտք է դուրս գան «Զուարթնոց»-էն:
«Ես նման քննարկման («Զուարթնոց»-էն ռուս սահմանապահներու դուրս բերման վերաբերեալ – Խմբ․) մասնակից չեմ եղել, բայց կարծում եմ՝ ճիշդ կը լինի, որ իրենք այդտեղից դուրս գան։ Դա իմ անձնական կարծիքն է։ Մենք մեր երկրի սահմանները կը պաշտպանենք, իսկ ես վստահ չեմ, որ իրենք մեր երկրի սահմանները կը պաշտպանեն։ Ապացուցուեց մի քանի անգամ որ չպաշտպանեցին։ Եկան ԼՂ ի՞նչ արեցին, հայ ժողովրդին դուրս ուղեկցեցի՞ն, է՞դ են պաշտպանել։ Մի օր էլ «Զուարթնոց»-ից ինձ ու ձեզ ուղեկցե՞ն դուրս», ըսած էր ան։