Փետրուար 28-ին՝ ժամը 5:15-ի սահմաններուն, Սիւնիքի մարզի Տեղ համայնքի սահմանային հատուածին մէջ հայ-ատրպէյճանական շփման գիծը հատած է ատրպէյճանցի զինուոր, որ զինուած եղած է ԱԿՄ տիպի ինքնաձիգով ու 1 պահատուփով: Վերջինս վնասազերծուած է Պաշտպանութեան Նախարարութեան զինուորներուն կողմէ: Դէպքին առնչութեամբ ՀՀ Քննչական Կոմիտէին մէջ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի համապատասխան յօդուածներով: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:
Այս մասին յայտնած են ՀՀ ԱԱԾ-էն: