Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Միջադէպերու Քանակը Նուազած Է, Բայց Մարտահրաւէրները Կան․ Սթեֆանօ Թոմաթ

Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Միջադէպերու Քանակը Նուազած Է, Բայց Մարտահրաւէրները Կան․ Սթեֆանօ Թոմաթ

by MassisPost

ԵՄ արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան քաղաքացիական գործողութիւններու հրամանատար Սթեֆանօ Թոմաթը տպաւորիչ կը համարէ Հայաստանի մէջ տեղակայուած ԵՄ դիտորդական առաքելութեան գործունէութիւնը։

Այս մասին ան ըսած է Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան առաջին ամեակին նուիրուած միջոցառման եւ յաւելած, որ կը հպարտանայ այն աշխատանքով, որ կատարուած է այս մէկ տարուան ընթացքին։

«Վստահ եմ, որ ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը կարեւոր նպաստ կը բերէ Հայաստանին եւ տարածաշրջանին, ինչ որ կը խորհրդանշէ Եւրոմիութեան ներգրաւումը յանուն խաղաղութեան եւ կայունութեան։

«Վերջին տարուան ընթացքին սահմանային միջադէպերու քանակը նուազած է, որմէ կարելի է եզրակացնել, որ ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը այդ դրական զարգացման մէջ իր նպաստը ունեցած է։ Բայց տակաւին կը մնան մարտահրաւէրները։

«Վերջերս տեղի ունեցած ապատեղեկատուութեան արշաւները ԵՄ դիտորդական առաքելութեան դէմ կ’ընդգծեն այն դժուարին միջավայրը, որուն մէջ ԵՄ առաքելութիւնը կը գործէ։ Եւ այս իմաստով կ’ուզեմ հաստատել մեր երախտագիտութեան խօսքերը ԵՄ անդամ երկիրներուն իրենց ցուցաբերած օժանդակութեան համար առաքելութեան», ըսած է Թոմաթ՝ ընդգծելով, որ ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը կոչուած է վստահութիւն կառուցելու եւ յարձակողական միտումներ չունի։

Անոր խօսքով՝ ներկային կ’աւելցուի ԵՄ դիտորդական առաքելութեան անձնակազմին քանակը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment