ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է ԵՄ արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան քաղաքացիական գործողութիւններու հրամանատար Սթեֆանօ Թոմաթը:
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի մէջ ԵՄ մշտադիտարկման քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութեան առնչուող հարցեր՝ անդրադառնալով երկարաժամկէտ առաքելութեան տեղակայումէն ի վեր մէկ տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն: Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է Ատրպէյճանի հետ միջազգային սահմանին կայունութեան նպաստելու հարցին մէջ առաքելութեան կարեւոր ներդրումը։
Ընդգծուած է, որ առաքելութիւնը ՀՀ-ԵՄ ընդլայնուող փոխգործակցութեան լաւ օրինակներէն մէկն է եւ ցոյց կու տայ անոր հետագայ խորացման հարցին մէջ թէ՛ ՀՀ, թէ՛ ԵՄ ու իր անդամ պետութիւններուն փոխադարձ անկեղծ հետաքրքրութիւնը:
Այս ծիրին մէջ Արարատ Միրզոյեան եւ Սթեֆանօ Թոմաթ միտքեր փոխանակած են ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան լայն օրակարգի հարցերու շուրջ, քննարկուած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ուղղութիւններով եւ մեխանիզմներու միջոցով ընձեռուող հնարաւորութիւնները։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու: