Փետրուար 17, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի միջնորդութեամբ բանակցութիւններ տեղի ունեցան Հայաստանի վարչապետի ու Ատրպէյճանի նախագահի միջեւ, որոնք Գերմանիա կը գտնուին մասնակցելու համար Միւնիխի Անվտանգութեան Համաժողովին:
Եռակողմ բանակցութիւնները տեւած են մօտ 45 վայրկեան: Երեւանը հաղորդեց, որ առաջնորդները քննարկած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումը, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման քայլերը եւ համաձայնած են շարունակել աշխատանքները խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ:
Գերմանիոյ վարչապետը հեռացած է եւ երկու երկիրներու ղեկավարները ունեցած են ուղիղ բանակցութիւններ՝ կարճ ժամանակով:
Երկկողմ բանակցութիւններու ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները իրենց արտագին գործոց նախարարներուն յանձնարարած են շարունակել խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւնները: Արարատ Միրզոյեանին եւ Ջեյհուն Պայրամովին նաեւ յանձնարարուած է շարունակել սահմանազատման շուրջ աշխատանքը:
Գերմանիոյ վարչապետ՝ Շոլց X հարթակի վրայ գրած է, որ կողմերը պայմանաւորուած են հարցերը լուծել առանց նոր բռնութիւններու:
«Գերմանիան եւ Եւրոպան պատրաստ են իրենց կարելութիւններու սահմաններուն մէջ աջակցելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուն: Ես այդ հաստատած եմ երկու երկրներու հետ քննարկումներու ընթացքին», – գրած է Շոլց:
Գերմանիոյ վարչապետը մինչ եռակողմ բանակցութիւնները առանձին հանդիպեցաւ Փաշինեան եւ Ալիեւի հետ:
Պլինքեն X-ի վրայ գրեց, թէ վարչապետ Փաշինեանի հետ արդիւնաւէտ զրոյց ունեցած է, քննարկելով՝ թէ ինչպէս կարող են աջակցիլ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին:
«Հայաստանը շատ արժէքաւոր գործընկեր է Միացեալ Նահանգներու համար, եւ մենք կÿողջունենք ու կը գնահատենք անոր՝ արժանապատիւ եւ ամուր խաղաղութեան հանդէպ յանձնառութիւնը: Քննարկելով եւ աշխատելով այս հարցի վրայ մենք նաեւ կ՛աշխատինք ուժեղացնել մեր երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները տարբեր՝ ուղղութիւններով», – գրած է Պլինքեն:
Ատրպէյճանի նախագահը եւս հանդիպած է ԱՄՆ պետական քարտուղարին հետ: Իսկ Ջեյհուն Պայրամով եւ պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրասիայի հարցերով օգնական Ջէյմս Օ՛պրայենի հանդիպման ընթացքին կրկին խօսած է Հայաստանի Սահմանադրութեան, օրէնսդրութեան, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ դատարաններու մէջ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ շարունակուող պահանջներու մասին՝ ընդգծելով անոնցմէ հրաժարուելու կարեւորութիւնը: