Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Սեփականութեան Պիտի Փոխանցուի 1,5 Միլիոն Տոլար. Գլխաւոր Դատախազութիւնը Հաշտութեան Հերթական Համաձայնութիւնը Կնքած Է

Հայաստանի Սեփականութեան Պիտի Փոխանցուի 1,5 Միլիոն Տոլար. Գլխաւոր Դատախազութիւնը Հաշտութեան Հերթական Համաձայնութիւնը Կնքած Է

by MassisPost

Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութիւնը, ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործառույթի շրջանակին մէջ, 2024 թուականի Փետրուար 15-ին հաշտութեան համաձայնութիւն կնքած է Տաւուշի նախկին մարզպետ Յովիկ Աբովեանի եւ անոր փոխկապակցուած անձերու հետ:

Յովիկ Աբովեանին պատկանող գոյքին առնչութեամբ 2021 թուականի Օգոստոս 16-ին Գլխաւոր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութեան մէջ սկսած էր ուսումնասիրութիւն։

Կատարուած ուսումնասիրութեան բերումով՝ 2023 թուականի Յունուար 23–ին Հակափտածութեան դատարան ներկայացուած էր ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման պահանջով հայցադիմում:

2024 թուականի Յունուար 22-ին Յովիկ Աբովեանի եւ անոր փոխկապակցուած անձերու կողմէ Գլխաւոր դատախազութիւն ներկայացուած է գործի քննութիւնը հաշտութեամբ աւարտելու վերաբերեալ դիմում, որով վերջիններս պատրաստակամութիւն յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան սեփականութեան փոխանցել 608 միլիոն 634 հազար դրամ (1,5 միլիոն ԱՄՆ տոլար), որ կը կազմէ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման պահանջով դատարան ներկայացուած հայցադիմումի արժէքին 75,84 տոկոսը:

Դիմումի հիման վրայ՝ Գլխաւոր դատախազութեան եւ Յովիկ Աբովեանի, անոր փոխկապակցուած անձերուն միջեւ 2024 թուականի Փետրուար 15-ին կնքուած է հաշտութեան համաձայնութիւն, որ նոյն օրը ներկայացուած է Հակափտածութեան դատարան՝ օրէնքով սահմանուած կարգով հաստատելու նպատակով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment