Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Էպրահին Ռայիսին ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները՝ յայտնելով Իրանի պատրաստակամութիւնը՝ ապահովելու կովկասեան տարածաշրջանի ռազմավարական անվտանգութիւնը՝ հաշուի առնելով այդ առումով Իսլամական Իսլամական Հանրապետութեան կարմիր գիծերը:
Ինչպէս կը յայտնէ «IRNA»-ն՝ Ռայիսին այս մասին ըսած է Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հետ հանդիպման ընթացքին:
Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի իրավիճակին՝ Ռայիսին ըսած է, որ Իրանը կը կարեւորէ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան պահպանումը։
Ռայիսին նշած է, որ Իրանը դէմ է տարածաշրջանին մէջ դուրսի ներկայութեան՝ յաւելելով, որ արտաքին ուժերու ներգրաւուածութիւնը տարածաշրջանային խնդիրներուն ոչ միայն լուծումներ չի տար, այլ նաեւ աւելի լուրջ մարտահրաւէրներ կը բերէ։
Իրանի նախագահը Թեհրանի եւ Երեւանի յարաբերութիւնները բնութագրած է որպէս պատմական, բարեկամական եւ կառուցողական։ Ան իր աջակցութիւնը յայտնած է Թեհրանի եւ Երեւանի միջեւ բոլոր պայմանաւորուածութիւններու լիարժէք իրականացման՝ ըսելով, որ յստակ պայմանաւորուածութիւններու իրագործումը ջանքեր կը պահանջէ, եւ երկու երկիրներու տնտեսական հարցերով համատեղ յանձնաժողովը պէտք է անոնց հետամուտ ըլլայ: