Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մօտ Ապագային Ատրպէյճանը Դուրս Պիտի Գայ ՀՀ Բռնագրաւուած Տարածքներէն. Անդրանիկ Քոչարեան

Մօտ Ապագային Ատրպէյճանը Դուրս Պիտի Գայ ՀՀ Բռնագրաւուած Տարածքներէն. Անդրանիկ Քոչարեան

Նախ Պէտք Է Փորձել Խաղաղ Ճանապարհով Անոր Հասնիլ

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովի Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան կը կարծէ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ամէն ըսածին պէտք է լուրջ վերաբերիլ. «Եթէ նոյնիսկ ասում է իր ներքին լսարանի համար, էլի պէտք է լուրջ վերաբերուենք, մեր խնդիրը մեր երկրի ամրութիւններն ամրապնդելն ու ուժեղացնելը պէտք է լինի»։

Ընստ պատգամաւորին՝ Հայաստանի անվտանգային համակարգի ուժեղացումը Ատրպէյճանին պիտի ստիպէ ետ երթալ: «Ամէն օր պէտք է արթնանալ ու կատարել այն խնդիրները, որոնք ուժեղացնում են մեր երկրի անվտանգութիւնը», ըսաւ ան։

Քոչարեան վստահ է՝ մօտ ապագային Ատրպէյճանը դուրս պիտի գայ ՀՀ բռնագրաւուած տարածքներէն, բայց նախ պէտք է փորձել խաղաղ ճանապարհով անոր հասնիլ։

Անդրադառնալով հարցին, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը փափաքի, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանն ուղիղ բանակցին, իսկ խաղաղութեան պայմանագիրը կնքուի առանց երաշխաւորներու, Քոչարեան պատասխանեց, որ շատ գայթակղիչ առաջարկ է։

«Ինքն ասում է՝ չլինեն միջազգային երաշխաւորներ, բա միջազգային հարթակներն ինչի՞ համար են,  որ այդ երաշխաւորութիւններն ամրագրուեն բնագրով եւ դրանից բխող գործողութիւններով։ Երաշխիքները պէտք է ինչ-որ ուժեր պահպանեն», նկատեց պատգամաւորը։

Պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահին խօսքով՝ հակառակորդ պետութեան ղեկավարը կրնայ շատ պահանջներ ներկայացնել եւ ցանկութիւններ յայտնել, խնդիրը, սակայն, այն է, որ մենք այդ ցանկութիւնները կանխելու հնարաւորութիւն ստեղծենք։

Նշենք, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը նախօրէին յայտնած է, որ խաղաղութեան պայմանագրին մէջ երաշխաւորներ պէտք չեն. «Սա պիտի ըլլայ երկու ինքնիշխան պետութիւններու կողմէ ստորագրուած պայմանագիր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment