Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սպիտակ ու Մրոտուած Էջեր եւ Մեծ Պատկերը

Սպիտակ ու Մրոտուած Էջեր եւ Մեծ Պատկերը

by MassisPost

ՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

«Մասիս» շաբաթաթերթին համար մեր գրած առաջին յօդուածը լոյս տեսաւ 19 Հոկտեմբեր 1991-ի թիւին մէջ, «Որպէսզի չկրկնուին անցեալի սխալները» խորագրով: Մինչ այդ, երկու տարիէ ի վեր հաստատուած էինք ԱՄՆ եւ մօտէն կը հետեւէինք տեղւոյս հայկական մամուլի անդրադարձներուն՝ Սովետական Միութեան փլուզման, Հայաստանի անկախութեան եւ համաշխարհային այլ զարգացումներու մասին:Այդ յօդուածին մէջ կը գրէինք.«Թէ ի՞նչ վիճակով պիտի դուրս գանք այս թոհուբոհէն, ապագայ պատմութիւնը պիտի վկայէ այդ մասին: Մէկ բան պէտք է յստակ ըլլայ բոլորին, որ որպէսզի կարենանք դէպքերու ընթացքը լաւագոյնս ծառայեցնել մեր նպատակներուն, պէտք է ազգովին գիտակցինք պահի լրջութեանը, ըլլանք իրապաշտ ու իրատես, եւ ըստ այնմ գործենք, հեռու ամէն տեսակ նեղմիտ ու հատուածական մտածողութիւնէ»: Անմիջապէս կը շարունակէինք.«Դժբախտաբար, թերթատելով մեր մամուլը, յուսախաբ կ’ըլլանք ի տես զրպարտութիւններու, ակնյայտ սուտերու, խեղաթիւրումներու, ամբոխավարական եւ այլ տեսակի գրութիւններու…»: Մեր յօդուածը կ’աւարտէինք հետեւեալ խօսքերով. «Այսպէս չի՛ ստացուիր պարոնայք: Այս ընթացքով նորանոր դժբախտութիւններու դուռ կը բացուի: Ի սէր մեր բազմաչարչար ազգին, վերջ տուէք այս ազգակործան ընթացքին, որպէսզի չկրկնուին անցեալի սխալները»:

Անցած աւելի քան 30 տարիներու ընթացքին, մեր հրատարակած աւելի քան 300 յօդուածներու ընդմէջէն, շեշտեցինք սկզբունքային եւ անաչառ մտածելակերպ դրսեւորելու  կարեւորութիւնը, մեր դիմագրաւած խնդիրները անշահախնդիր վերլուծման ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը, հատուածական մտածողութեան վնասաբերութիւնը, ազգային արեւելում ունենալու էականութիւնը, օտարին գործիք չդառնալու գիտակցութեան ընկալումը, մեծ պատկերը տեսնելու եւ ըստ այնմ մեր ազգային շահը անոր համընկեցնելու դիւանագիտութեան ըմբռնումը, եւ նմանօրինակ մօտեցումներով առաջնորդուելու հիմնականութիւնը:

26 Մարտ 1994-ին լոյս տեսած մեր «Սփիւռքի մրոտուած էջերը» յօդուածին մէջ կը գրէինք. «Ինչպէս Խորհրդային Հայաստանը ունի իր «սպիտակ էջեր»ը, որոնք կարօտ են լուսաբանութեան, այնպէս ալ Սփիւռքը ունի իր «մրոտուած էջեր»ը, որոնք կարոտ են յստակացման: Ու այնքան ատեն, որ «սպիտակ ու մրոտուած էջեր»ը կը մնան լուսաբանութեան եւ յստակացման կարօտ, այդքան ժամանակ ազգովին պիտի շարունակենք տառապիլ անոնց ստեղծած ժխտական երեւոյթներէն ու պատճառած վնասներէն: Որովհետեւ կարելի չէ ապագայի վառ յոյսեր տածել, երբ անցեալի կեղծիքն ու խաբեբայութիւնը կը յամենան քարշ տալ իրենց գոյութիւնը եւ ազդել մեր առօրեային վրայ… Որքան շուտ հարթուին անցեալի վէճերը՝ այնքան շուտ կը վերանան վերապահութիւնները, տեղի տալով համերաշխական մթնոլորտի մը գոյառման, որ պիտի խթանէ լուռ մեծամասնութիւնը, դուրս գալու իր կրաւորական վիճակէն եւ աշխոյժ ու գործօն մասնակցութիւն բերելու մեր նորանկախ պետականութեան հզօրացման ու բարգաւաճման աշխատանքին»:

23 Սեպտեմբեր 1995-ին, Հայաստանի անկախութեան 4րդ տարեդարձին առթիւ լոյս տեսած մեր «Ազգային արեւելում» յօդուածին մէջ կը գրէինք. «Մեր ժողովուրդը ունի՛ ներուժը ազատ ու անկախ հայրենիք պահելու: Պէտք է ինքնավստահ ըլլանք այս գծով: Ո՛չ մէկ շեղում այս նպատակէն, որքան ալ գրաւիչ ըլլան օտարներու կողմէ եկած խայծերը: Վկա՛յ մեր պատմութիւնը, որմէ պէտք է գիտնանք վերցնել պէտք եղած դասերը: Արդարեւ, մեր վերջին 300 տարուայ պատմութեան մէջ բազմիցս փորձեցինք օտարի միջոցաւ տիրանալ մեր անկախութեան: Թակեցինք եւրոպական եւ այլ տերութեանց դռները: Արդիւնքը եղաւ այն, որ ամէն անգամ, որ անոնք պատասխանեցին մեզի, այդ ըրին բացառապէս մեկնած իրենց շահերէն, եւ ոչ թէ մեզի օգնելու նպատակաւ: Աւելի՛ն, օգտագործեցին մեզ, իրենց շահերը առաջ քշելու համար ու ամէն անգամուն մենք արիւնաքամ դուրս եկանք այդ փորձերէն»: Մեր անկախութիւնը ամրագրելու գծով մեր առաջարկներու շարքին կը նշէինք. «Գործնականօրէն ցոյց տանք, որ լիուլի կ’ըմբռնենք ու կը հետեւինք Խրիմեանի ու Չարենցի պատգամներուն եւ ոչ թէ ներքին պառակտումներով օտարի միջամտութիւնը հրաւիրենք մեր տունէն ներս: Չտարուինք սին ու երազային խոստումներէ ու յոյսերէ, ուրկէ որ ալ գան ատոնք: Ո՛չ արդարութիւն հայցենք աջէն ու ձախէն եւ ո՛չ ալ յետոյ, յուսախաբ ու վիրաւոր՝ թքնենք այդ արդարութեան երեսին: Այլ գիտակցինք՝ որ այդ արդարութիւն ըսուածը ուղղակիօրէն կապուած է մեր ուժին: Կ’ամբարե՞նք այդ ուժը՝ կը պահանջենք ու կը տիրանանք մեր իրաւունքներուն: Չե՞նք ամբարեր՝ մեր պահանջքը կը դառնայ ծիծաղելի, կը խեղճանանք ու կ’արհամարհուինք աջէն ու ձախէն: Խիզախ եւ անաչառ քննադատութիւններով ստեղծենք այնպիսի մթնոլորտ մը, որ ոչ ներքին եւ ոչ ալ արտաքին պատեհապաշտներ յաջողին նորանոր փորձանքներ բերել մեր ազգի գլխուն: Ողջմիտ ղեկավարութիւնն ու հասարակութիւնը լաւագոյն գրաւականներն են ամէն տեսակի չարաշահութեանց, սայթաքումներու եւ շեղումներու դէմ»: Մեր յօդուածը կ’աւարտէինք հետեւեալ խօսքերով. «Մեր սերունդին վիճակուած է պատմական այն հազուադէպ պահը՝ սրբագրելու անցեալի սխալները եւ նոր դարաշրջան մը բանալու մեր պատմութեան մէջ: Գործե՛նք այդ գիտակցութեան ամբողջական պատասխանատուութեամբ»:

Բազմաթիւ են մեր յօդուածները, ուր բերելով օրինակներ Մաշտոցի, Խորենացիի, Ռաֆֆիի, Թումանեանի, Կոմիտասի, Քաջազնունիի եւ այլոց մտքի գոհարներէն, մենք ջանացած ենք ցոյց տալ թէ ինչպիսի՞ դասեր պէտք է քաղենք անոնց փորձառութիւնէն, յօգուտ ամբողջի, այսինքն ազգի բարելաւման, ամուր պետականութեան կայացման, ինքնաճանաչման զարգացման, եւայլն: Դասեր նաեւ, թէ ինչպիսի աղէտներու  կրնան յանգեցնել անձնասիրութիւնն ու հատուածամոլութիւնը, ինքնախաբէութիւնը, անիրատեսութիւնը կամ ցանկութիւններու տրուիլը, գոռոզութիւնն ու մեծամտութիւնը, եւայլն: Մեր պատմութիւնը հարուստ է դասերով, որոնք եթէ ընկալած ըլլայինք, շատ աւելի բազմամարդ, բարգաւաճ ու մեծ պետութիւն մը կ’ունենայինք այսօր: Խորենացիի նշանաւոր «Ողբ»-ը ինքնին լաւագոյն, այսպէս ըսած, ճանապարհային քարտեսն է առողջ հասարակութիւն եւ ամուր պետականութիւն կերտելու: Անկէ շատ ետ չմնար «Սասնայ Ծռեր» դիւցազնավէպը իր դասերով: Ինչո՞ւ համար չենք յաջողած այդ դասերը ընդհանրացնել մեր ժողովուրդի մտածելակերպին մէջ: Արդեօ՞ք հայ անհատին մէջի գերակշռող անձնասիրութիւնն է պատճառը, որ յօգուտ իր շահին կը պղտորէ ջուրը, կը մրոտէ իրականութիւնը եւ արգելք կ’ըլլայ մեծ պատկերը տեսնելու եւ համազգային շահը հետապնդելու անհրաժեշտութեան: Ինչո՞ւ համար ձախողեցանք անսալ մեր Ա. Հանրապետութեան անկման պատճառներուն մասին Քաջազնունիի կատարած քննական վերլուծումներուն, որպէսզի խուսափէինք կրկնելէ նոյն սխալները: Չանսացինք նոյնիսկ Քաջազնունին «տարիքը առած մի մարդ» բնութագրութեամբ այպանող Վրացեանին, որ գրեց. «Մաքսիմալիզմը, որի առանձնապէս անզիջող ներկայացուցիչներ էին գաղութներից եկած ընկերները, գլխաւոր պատճառը եղաւ Հայաստաանի գլխուն եկած յետագայ աղէտների»: Բայց   հեռուն չ’երթանք: Մէջբերենք փոքր հատուած մը մեր ժամանակակից, նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի «Պատերազմ, թէ՞ խաղաղութիւն. լրջանալու պահը»  յօդուածէն, հրատարակուած Նոյեմբեր 2,1997-ին: «Թող չփորձեն ժողովրդին մոլորեցնել, ասելով թէ փոխզիջումն այլընտրանք ունի: Փոխզիջման այլընտրանքը պատերազմն է: Փոխզիջման մերժումը եւ մաքսիմալիզմը (առաւելագոյնը եւ ոչ թէ հնարաւորը ձեռք բերելու ձգտումը) Ղարաբաղի իսպառ կործանման եւ Հայաստանի վիճակի վատթարացման ամենակարճ ճանապարհն է: Խօսքը չի վերաբերում Ղարաբաղը տալուն կամ չտալուն: Խօսքը վերաբերում է Ղարաբաղը հայկական պահելուն: 3000 տարի այն բնակեցուած է եղել հայերով եւ 3000 տարի յետոյ էլ պէտք է բնակեցուած լինի հայերով: Իմ ընտրած ուղին ապահովելու է այդ հեռանկարը եւ հնարաւորութիւնները, պահպանելու, հասնելու մեր բաղձալի նպատակին: Արկածախնդիրների ուղին տանելու է դէպի անխուսափելի պարտութիւն: Մենք մի անգամ արդէն, Ստամպուլը արեան ծով դարձնելով, կորցրել ենք Արեւմտահայաստանը, իսկ մի այլ անգամ՝ պահանջելով Սեւրի դաշնագրով գծուած տարածքները, կորցրել ենք Արեւելահայաստանի կէսը»: 

Ոչ անսացինք նախագահի դիտարկումներուն եւ ոչ ալ շինիչ քննարկումներու ենթարկեցինք իր մօտեցումները, այլ անմակարդակ ու փողոցային վանկարկումներու արժանացուցինք: Նոյնիսկ այսօր, երբ իր դիտարկումները արդարացուած են, մարդիկ կը խուսափին առերեսուելու այդ իրականութեան հետ, որովհետեւ այդպէս վարուելով պիտի բացայայտուի իրենց սխալն ու թերութիւնը: Հետեւաբար, կը շարունակեն պղտորել ջուրերը եւ աղաւաղել պատմութիւնը, իրենց հատուածական շահը գերադասելով ազգային շահէն: Այս մեր ցաւն է, որմէ չենք կրցած ձերբազատուիլ: Այս մասին ալ արտայայտուած ենք 29 Մարտ 2003-ին հրատարակուած մեր մէկ յօդուածով, որ կը կրէր «Մեր ցաւը. Խաբկանքն ու կեղծիքը հայրենիք չեն կերտեր» խորագիրը: Այդ յօդուածը կը սկսէինք հետեւեալ պարբերութեամբ. «Ազգասիրութեան պակասն է մեր ցաւը: Եսասիրութիւնը եւ կոյր հատուածամոլութիւնն է մեր ցաւը: Երկու չափ երկու կշիռի սխալ քաղաքականութիւնն է մեր ցաւը: Արտասանուող խօսքի եւ կիրարկուող գործի հակասութիւնն է մեր ցաւը: Անկեղծութեան եւ ազնուութեան պակասն է մեր ցաւը: Պատեհապաշտութիւնն է մեր ցաւը: Արդար եւ անաչառ սկզբունքային մօտեցումներու պակասն է մեր ցաւը… Ցաւեր, որոնք պատճառ կը հանդիսանան մեր ժողովուրդի պառակտման ու բեւեռացման եւ հուսկ՝ մեր ազգային յառաջխաղացքի ձախողման»:

Մեզի համար վրդովելին այն է, որ գիտակցելով հանդերձ մեր ցաւերուն, ազգովին լծուած չենք անոնց բուժման եւ վերացման: Կը շարունակենք տուայտիլ ու նահանջել, երբ մեր աչքին առջեւ են ախտաճանաչումն ու դարմանը, Խորենացիէն մինչեւ Թումանեան եւ այսօր, մանաւանդ մեր գլխէն անցած աղէտներու հետօրեակին: Նշեցինք Խորենացիի «Ողբ»ը, որ յաջորդեց Արշակունեաց թագաւորութեան անկման: Նշենք նաեւ Թումանեանի մէկ խօսքը, որ յաջորդեց Եղեռնին եւ Ա. Հանրապետութեան անկման. «Մենք թէ դրսից, թէ ներսից քանդեցինք մեր երկիրը: Գլխաւորապէս մենք: Մենք ենք ասում, եւ սրա մէջն է ճշմարտութիւնը: Մի մասը խանգարող սրիկաներ, մի մասը գողեր ու աւազակներ, մի մասը ապիկար թշուառականներ…էսքան աղէտների ու պարտութիւնների մէջ ոչ մի մեղաւոր չերեւաց, ոչ ոք պատասխանատուութեան կանչուեց, ոչ ոք պատասխան տուեց: Եւ շարունակւում է, այժմ էլ նոյն նոյն ճանապարհներով»:

Աւելի քան հարիւրամեակ մը անցած է Թումանեանի խօսքերէն եւ տակաւին կը շարունակենք ընթանալ նոյն ճանապարհով: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ մեղաւորները պատասխանատուութեան չեն կանչուիր: Ու կը շարունակուի էջերու մրոտումը, մոռացութեան ենթարկելով նոյնիսկ հատ ու կենտ խոստովանութիւններ, ինչպիսին էր Զաւարեանի խօսքը Ակնունիին՝ «Իթթիհատը խաբեց Դաշնակցութեան»: Ուրիշ օրինակ մըն ալ է Շահնուրի եւ Շաւարշ Նարդունիի միջեւ եղած մտերմիկ զրոյց մը 1968-ի Մայիսին, ուր երկրորդը կ’ըսէ առաջինին, որ գաղափարապէս մօտեցած է անոր տեսակէտներուն: Սակայն ամիս մը չանցած, հրապարակաւ կը յայտարարէ ճիշտ հակառակը: Երբ Շահնուր կը դիմագրաւէ զինք, պատասխանը կ’ըլլայ. «Անիկա ժողովուրդին համար էր»: Շահնուրի մեկնաբանութիւնը այս մասին՝ «Ա՛յս է դժբախտութիւնը: Կը քարոզեն բան մը, որուն իրենք ալ չեն հաւատար»:

Վերնախաւ եւ ժողովուրդ յարաբերութեանց մասին ալ զանազան առիթներով անդրադարձած ենք մեր յօդուածներուն մէջ: 7 Յունուար 2006-ին հրատարակուած մեր ««Խելացի» վերնախաւ եւ «ապուշ» ժողովուրդ» յօդուածը կը սկսէինք հետեւեալ պարբերութեամբ. «Ինչպիսի՞ ազգ ենք մենք եւ ինչպիսի՞ պետութիւն կ’ուզենք կառուցել: Մեր դարաւոր պատմութեան ընթացքին օտարին կողմէ հարստահարուած, բռնագաղթուած եւ կոտորակուած ըլլալու փաստը մեզ պէտք չէ՞ մօտեցնէ իրարու ու մէկս միւսին զօրավիգ դարձնէ: Անկախ պետականութիւն ունենալու մեր դարաւոր երազը մեզ պէտք չէ՞ մղէ հոգածու դառնալու եւ ամէն գնով սատարելու մեր նորանկախ պետութեան ամրակայման ու հզօրացման: Օտարին կողմէ յաճախ խաբուած ու չարաշահուած ըլլալու փաստը մեզ պէտք չէ՞ մղէ գէթ իրար հանդէպ անկեղծ ու անաղարտ յարաբերութեանց որդեգրումով եւ ներքին համերաշխութեան ամրապնդումով դէմ դնելու դուրսի խայծերուն ու դաւադրութեանց: Այո՛: Այո՛: Այո՛»: Ապա կը թուէինք օրինակներ, որոնք հակառակն էին մեր այս նշած անհրաժեշտութեանց: Յօդուածի կէսերուն կը գրէինք. «Մեր մեծագոյն մտահոգութիւնը այն խրամատն է, որ տակաւ կը լայննայ ժողովուրդի եւ վերնախաւի միջեւ, ու այն վիճակն է, որուն կը մատնուի ժողովուրդը: Ժողովուրդը երկրի մը ապագայի երաշխիքն է…Մեզ մտահոգողը ղեկավար դիրքերու հասած այդ վերնախաւի վերաբերմունքն է ժողովուրդի նկատմամբ: Անոնք որոնք ինքզինքնին խելացի համարելով կը հարստահարեն ժողովուրդը, զայն ապուշի տեղ դնելով: Անոնք, որոնք ինքզինքնուն առանձնաշնորհումներ կու տան ու կ’արհամարհեն ժողովուրդը ու անոր իրաւունքները: Անոնք, որոնք դրամը արժեչափ կը դարձնեն մարդկային յարաբերութեանց, այսպիսով սպաննելով էականը՝ մարդկային արժանապաուութիւնը: Մեզ մտահոգողը անվստահութեան այն մթնոլորտն է, որ յառաջացած է ժողովուրդի եւ վերնախաւի միջեւ: Այս անվստահութեան արդիւնք է ժողովուրդի կրաւորականութիւնը: Իսկ երկիր մը, որուն ժողովուրդը կրաւորական է, մասնակից չէ իր ապագայի կերտման գործընթացին, այդ երկիրը կործանման ճամբուն վրայ կ’ըլլայ»: Մեր յօդուածը կ’աւարտէինք հետեւեալ խօսքերով. Ժամանակը մեր դէմ կ’աշխատի: Տնտեսական շահերով առաջնորդուող մեծ տէրութեանց համար Ազրպէյճանը աւելի ու աւելի գրաւիչ կը դառնայ եւ մենք որպէս ազգ, անգամի մը համար եւս պիսի ծախուինք միջազգային շուկային

վրայ: Եւ մեր գինը՝ իր ժողովուրդի հաշւոյն հարստացած վերնախաւի մը ապահոված շահը պիտի ըլլայ: Վերնախաւ մը, որուն համար ժամանակը կը սահմանափակուի աշխարհի վրայ իր կեանքի տեւողութեան տարիներով եւ ոչ թէ ազգի կեանքով ու ճակատագրով: Շահ մը, որ արդէն մեր շահը չէ, քանի որ օտարին կը ծառայէ: Տայ Աստուած, որ մենք սխալած ըլլանք մեր դատողութեանց մէջ, որպէսզի անգամի մը համար եւս չանիծենք մեր բախտը եւ չողբանք մեր կորուստները»:  Դժբախտաբար, ժամանակը ցոյց տուաւ, որ սխալած չէինք մեր դատողութեանց մէջ:

Այս բոլորի լոյսին տակ, կարիքը կա՞յ անգամի մը համար եւս շեշտելու, որ մեր դժբախտութեանց հիմքը մեր եսապաշտութիւնն է. մեր անձնական ու հատուածական շահերու գերադասումը՝ ի հեճուկս հաւաքական ու ազգային շահի:

Արդեօ՞ք մեր այս վերջին ահաւոր աղէտը՝ Ղարաբաղի հայաթափումը ի վերջոյ զգաստութեան պիտի բերէ մեր ազգի հատուածները, որ անսան Չարենցեան պատգամին, թէ՞ պիտի շարունակուի մեր գահավէժ ընթացքը:

Արդեօ՞ք մեր այս վերջին ահաւոր աղէտին՝ Ղարաբաղի հայաթափման մեղաւորները պիտի կանչուին պատասխանատուութեան:

Արդեօ՞ք վերջապէս պիտի կարենանք լուսաբանել եւ յստակացնել մեր «սպիտակ» ու «մրոտուած» էջերը, որպէսզի պարզուի մեծ պատկերը եւ ըստ այնմ համերաշխօրէն լծուինք մեր ազգային շահերու հետապնդման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment