ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան կը կարծէ, որ վճարումներու դիմաց Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանին տակաւին սպառազինութիւն չմատակարարելու խնդիրը հնարաւոր է լուծել գործընկերային մթնոլորտի մէջ։ Սիմոնեանի խօսքով՝ ռուսական կողմը հնարաւորութիւն ունի՝ ցոյց տալու, որ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր յայտարարած սկզբունքներուն ու ստորագրած փաստաթուղթերուն:
Սիմոնեան նման դիրքորոշում յայտնեց Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին՝ անդրադառնալով հարցին, թէ հնարաւո՞ր է արդեօք, որ վճարուած գումարին դիմաց Ռուսիոյ կողմէ զէնքը չմատակարարելու հարցը լուծուի գործընկերային յարաբերութիւններու միջոցով:
Սիմոնեանի կարծիքով՝ այդ հնարաւոր է․ «Եւ ռուսական կողմը հնարաւորութիւն ունի՝ ցոյց տալու, որ, այնուամենայնիւ, ինքը շարունակում է հաւատարիմ մնալ իր յայտարարած սկզբունքներին եւ ստորագրած փաստաթղթերին: Եթէ պարտաւորութիւնները չեն կատարւում, իսկ դա փաստ է, որ չեն կատարւում, Հայաստանը միանշանակ պէտք է պաշտպանի իր շահերը», ըսաւ Ազգային Ժողովի նախագահը: