Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Եւ Ատրպէյճան Համաձայնած Են Գերիներու Փոխանակման

Հայաստան Եւ Ատրպէյճան Համաձայնած Են Գերիներու Փոխանակման

by MassisPost

Դեկտեմբեր 7-ի երեկոյեան հրապարակուած միատեղ յայտարարութեամ Հայաստան եւ Ատրպէյճան տեղեկացուցին որ, համաձայնած են ազատ արձակել խումբ մը գերիներ: Հայկական կողմը ազատ կ՛արձակէ 2  ատրպէյճանցի զինծառայողի, իսկ  Ատրպէյճան՝ 32 հայ զինծառայողի:

Հրապարակուած ցանկին վրայ չկան Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահները ու քաղաքական եւ զինուորական այլ ղեկավարները:

Ազատ արձակուող անուներուն մէջ են 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն ետք Հադրութի շրջանի մէջ ձերբակալուած զինուորականներ եւ տարբեր ժամանակներուն գերի ինկածներ:

Այս առթիւ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ըսուած է.

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը համակարծիք են, որ տարածաշրջանում վաղուց սպասուած խաղաղութեան հասնելու պատմական հնարաւորութիւն կայ: Երկու պետութիւնները վերահաստատում են ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքների յարգման հիման վրայ յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքմանը հասնելու իրենց մտադրութիւնը:

«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի վարչակազմի միջեւ բանակցութիւնների արդիւնքում պայմանաւորուածութիւն է ձեռք բերուել երկու պետութիւնների միջեւ վստահութեան կառուցման ուղղութեամբ շօշափելի քայլեր ձեռնարկելու մասին:

«Առաջնորդուելով մարդասիրութեան արժէքներով, եւ որպէս բարի կամքի դրսեւորում, Ատրպէյճան  Հանրապետութիւնն ազատ է արձակում 32 հայ զինծառայողների: Հայաստանի Հանրապետութիւնն իր հերթին, առաջնորդուելով մարդասիրութեան արժէքներով, եւ որպէս բարի կամքի դրսեւորում, ազատ է արձակում 2 ատրպէյճանցի զինծառայողների:

«Որպէս բարի կամքի քայլ` Հայաստանի Հանրապետութիւնն իր աջակցութիւնն է յայտնում ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային կոնուենցիայի Մասնակիցների կոնֆերանսի 29-րդ նստաշրջանը (COP29) հիւրընկալելու նպատակով Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ներկայացրած յայտին եւ հանում է իր թեկնածութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը յոյս են յայտնում, որ Արեւելեան Եւրոպայի խմբի միւս պետութիւնները նոյնպէս կ՛աջակցեն հիւրընկալելու նպատակով Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ներկայացրած յայտին: Որպէս բարի կամքի քայլ` Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնն իր աջակցութիւնն է յայտնում Արեւելեան Եւրոպայի խմբի «COP»-ի բիւրոյին անդամակցելու համար առաջադրուած` Հայաստանի Հանրապետութեան թեկնածութեանը:

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը կը շարունակեն իրենց քննարկումները վստահութեան կառուցման աւելի շատ միջոցառումների իրականացման վերաբերեալ՝ մօտ ապագայում կեանքի կոչելու համար, եւ կոչ են անում միջազգային հանրութեանը`աջակցելու իրենց ջանքերին, որոնք կը նպաստեն երկու պետութիւնների միջեւ փոխադարձ վստահութեան կառուցմանը եւ դրական ազդեցութիւն կ՛ունենան Հարաւային Կովկասի ողջ տարածաշրջանի համար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment