«Ես յոգնած եմ կրկնելէ, որ մենք նպատակ չունինք զէնքով գրաւելու միջանցք, կրնանք այլ տարբերակներ դիտարկել»:
Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը «Ղարաբաղ. վերադարձ տուն 30 տարի անց. ձեռքբերումներ եւ դժուարութիւններ» քննարկման ժամանակ, որ կազմակերպուած է ԶՀԳ համալսարանը Միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծութեան կեդրոնին հետ համատեղ:
«Միշտ ըսած եմ՝ մենք կարիք ունինք Նախիջեւանի եւ Թուրքիոյ հետ կապի, նաեւ համաձայնած ենք իրանեան կողմին հետ, որ շրջանցող ճանապարհ կառուցենք, այո՛, այդ թանկ տարբերակ է, բայց շինարարութիւնը արդէն սկսած է, իսկ Հայաստանը այստեղ շատ կը կորսնցնէ: Անոնք կրնան եւրոպական վարկերով կառուցել այդ 42 քմ ճանապարհը՝ իրենց ինքնիշխանութեամբ, բայց Ատրպէյճան-Նախիջեւան կապի համար դիւրին հասանելիութեամբ», յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահը։
Այս ծիրին մէջ կոծկելով սեփական սխալներն ու չտեսնելով անձնական մեղաւորութիւնը՝ ան մեղադրած է Հայաստանը եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները խախտելու համար:
«Ես բազմիցս խօսած եմ Փաշինեանի հետ՝ հարցնելով, թէ ինչո՞ւ չի կատարեր եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտը, որ յստակօրէն կ’ըսէ, որ ուղիղ կապ պէտք է հաստատուի Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ, որով նոյնիսկ կ’ըսուի, թէ ով պէտք է ապահովէ վերահսկողութիւնն ու անվտանգութիւնը։ Այդ ՌԴ սահմանապահ ծառայութիւնն է՝ ռուսական ԱԴԾ-ն», ըսած է ան։