ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըր տեղեկացուցած է Հայաստանի վարչապետին ու Ատրպէյճանի նախագահի հետ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի առանձին հեռախօսազրոյցներու մասին:
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հեռախօսազրոյցին պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն քննարկած է ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագրին հասնելու ջանքերը։ Ըստ հաղորդագրութեան՝ «պետական քարտուղարը վերահաստատեց Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան եւ ընդգծեց Հայաստանի հետ երկկողմ համագործակցութիւնը մեծցնելու ջանքերը», քանի որ Ուաշինկթըն կ’աջակցի վերջինիս՝ բարեկեցիկ եւ ժողովրդավարական ապագայի վերաբերեալ տեսլականը։
Իր հերթին, Պետական Քարտուղարութեան խօսնակի հաղորդագրութեան համաձայն, նոյն օրը պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն զրուցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
«Պետական քարտուղարը ողջունած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկարատեւ եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու նախագահ Ալիեւի յանձնառութիւնը։ Պետական քարտուղարը կը գիտակցի այն ամբողջ տառապանքը, որ այս երկարատեւ հակամարտութիւնը պատճառած է ինչպէս ատրպէյճանցիներուն, այնպէս ալ հայերուն, եւ ընդգծած այն օգուտները, որոնք խաղաղութիւն պիտի բերէ բոլորին տարածաշրջանին մէջ: Պետական քարտուղարը քննարկած է Ատրպէյճանի հետ մեր [ԱՄՆ-ի] ամուր յարաբերութիւնները, մատնանշած է յարաբերութիւններուն մէջ առկայ վերջին շրջանի մտահոգիչ դրոյթները, ինչպէս նաեւ խօսած է համագործակցութեան ամրապնդման հնարաւորութիւններու, յատկապէս խաղաղ գործընթացին շուրջ, եւ բարձր մակարդակով ներգրաւուածութեան կարեւորութեան մասին», ըսուած է Պետական Քարտուղարութեան խօսնակին անունով տարածուած հաղորդագրութեան մէջ: