Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը մերժած է «դաւաճանութեան» յօդուածով քրէական վարոյթ յարուցել Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սամուէլ Բաբայեանի յայտարարութիւններուն առնչութեամբ, պնդելով՝ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու ընթացքին Բաբայեանի գործողութիւններուն մէջ յանցակազմ չկայ։ Աւելին, ինչպէս աւագ քննիչ, փոխգնդապետ Նորայր Այվազեան նշած է, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը տեղեակ եղած է ե՛ւ բանակցային գործընթացին, ե՛ւ Պաքուին փաստաթուղթեր փոխանցելու մասին։
Արցախէն Հայաստան տեղափոխուելէ յետոյ Սամուէլ Բաբայեանը շարք մը հարցազրոյցներու մէջ ըսած էր, որ մինչեւ Սեպտեմբեր 19-ի յարձակումը Պաքուին 23 կէտէ բաղկացած փաստաթուղթ փոխանցած է, համաձայն որուն՝ Ղարաբաղը պէտք է ինքնավարութիւն ստանար։ Բաբայեանը պնդած էր, որ Ատրպէյճանը համաձայնած էր իր առաջարկին, բայց Արցախի իշխանութիւնները խոչընդոտած են այդ գործընթացը։
Բաբայեանի այս յայտարարութիւններու հիման վրայ ալ ՀՀ խորհրդարանի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուցած էր Գլխաւոր դատախազին՝ նշելով, որ ըստ էութեան՝ Արցախի նախկին պաշտօնեայի յայտարարութիւններուն մէջ պետական դաւաճանութեան եւ ինքնիրաւչութեան յատկանիշեր կան։
ԱԱԾ աւագ քննիչը, սակայն, մերժելով քրէական վարոյթի յարուցումը, ի պատասխան գրած է, որ Սամուէլ Բաբայեանը ըրած է ընդհանուր բնոյթի եւ վերացական յայտարարութիւններ, որոնց մէջ չկայ յստակ յանցագործութեան մասին տեղեկութիւն։
«Ատրպէյճանի ներկայացուցիչների հետ բանակցելու գործընթացում Սամուէլ Բաբայեանի գործողութիւնները այլ անձի կամ պետութեան կողմից չեն վիճարկուել, որեւէ կարգ չի խախտուել, աւելին՝ Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը տեղեակ է եղել ե՛ւ գործընթացի, ե՛ւ փաստաթղթերի մասին», գրած է աւագ քննիչը։
ԱԱԾ քննիչը նաեւ նշած է, որ հարցազրոյցներուն մէջ Բաբայեանի կողմէ թշնամիին կողմը անցնելու կամ դաւաճանութեան բնորոշ յայտարարութիւններ չեն կատարուած, առկայ են միայն Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար պետութեան կարգավիճակ ստեղծելու մասին տեղեկութիւններ պարունակող յայտարարութիւններ, որուն առնչութեամբ ալ տեղի ունեցած է փաստաթուղթերու փոխանակում Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ: