Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան, Նոյեմբեր 17-ին, Պաշտպանութեան Նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ ընդունած է պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Ճուանշեր Պուրչուլաձէն։
Պաշտպանութեան նախարարներու առանձնազրոյցէն յետոյ տեղի ունեցած է ընդլայնուած կազմերով հանդիպում:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը բարձր գնահատած են համագործակցութեան ներկայ մակարդակը։ Քննարկուած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ հայ-վրացական համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:
Կողմերը միմեանց ներկայացուցած են նաեւ երկու երկիրներու Զինուած Ուժերուն մէջ ընթացող բարեփոխումներուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ:
Հանդիպման աւարտին պաշտպանութեան նախարարները ստորագրած են ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան միջեւ երկկողմ համագործակցութեան ծրագիրը։