Երեւանի մէջ սինակոկի հրկիզման դէպքով Քննչականին մէջ վարոյթ նախաձեռնուած է։
Քննչական Կոմիտէի խօսնակ Գոռ Աբրահամեանի խօսքով, քննութիւն կ’իրականացուի․ վարոյթը նախաձեռնուած է գոյքը դիտաւորութեամբ ոչնչացնելու կամ վնասելու յատկանիշերով։ Քրէական վարոյթի շրջանակներուն մէջ ձեռք բերուող տուեալներէն ելլելով կրնայ նաեւ կատարուածին այլ իրաւական գնահատական եւս տրուիլ։
Նոյեմբեր 16-ին լրատուամիջոցներուն մէջ տեղեկութիւններ տարածուած էին, որ անյայտ անձ մը փորձած է հրկիզել Երեւանի մէջ հրէական սինակոկի դռները: Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը անընդունելի եւ դատապարտելի որակած է պաշտամունքի կառոյցի նկատմամբ որեւէ ոտնձգութիւն։
Պաշտպանը կ’ընդգծէ՝ իրաւասու մարմիններու կողմէ գործի քննութեան շրջանակներուն մէջ պատշաճ գնահատման պէտք է արժանանայ այն հանգամանքը, թէ արդեօք արարքը կատարուած է ցեղապաշտական, ազգային, ցեղային կամ կրօնով պայմանաւորուած ատելութեան, անհանդուրժողականութեան կամ թշնամանքի շարժառիթով։