Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ վերջերս ստորագրուած ռազմական պայմանագիրը արդէն իսկ դրուած է գործադրութեան: Վերջին օրերուն ատրպէյճանական աղբիւրները առաջինը եղան հաղորդելու, որ մեծ քանակութեամբ ֆրանսական «Պասթիոն» զրահամեքենաներ եւ անոնց համար նախատեսուած սարքաւորումներ Վրաստանի վրայով հասած են Հայաստան: Թէեւ Երեւան, ըստ սովորութեան, չմեկնաբանեց այս տեղեկութիւնը« սակայն Վրացական կողմը եկաւ հաստատելու տարածուող լուրերը:
Այս պարագան ուշագրաւ է այն պատճառաւ որ, մինչեւ վերջերս Վրաստան կը մերժէր արտօնել իր տարածքով դէպի Հայաստան զէնքի առաքումները: Սակայն, երբ ուղարկող կողմը Ֆրանսան է, որ կը նկատուի Եւրոպայի ամենէ ազդեցիկ երկիրներէն մէկը եւ Վրաստան ունի Եւրոպական Միութեան միանալու հեռանկարներ, իր համար դժուար պիտի ըլլար մերժել ֆրանսական կողմին:
44-օրեայ պատերազմէն ետք, երբ չիրականացան Ռուսաստանէն ակնկալուող զէնքի մատակարարումները, հակառակ որ կանխիկ վճարուած էին գումարները, Հայաստան սկսաւ զէնքի այլընտրաք աղբիւրներու որոնման` ատրպէյճանական յարձակումներուն դիմակայելու համար: Առաջին առթիւ Երեւանի ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ Հնդկաստանի վրայ, որուն արդիական զինատեսակները հիմնուած են խորհրդային արտադրութիւններու վրայ եւ աւելի հեշտ են հայկական բանակին կողմէ օգտագործուելու համար: Հոս կային դժուարութիւններ այդ զէնքերը Հայաստան հասցնելու առումով: Ե’ւ Իրանը ե’ւ Վրաստանը կը մերժէին հնդկական զէնքերու համար անցք ապահովել դէպի Հայաստան` Ատրպէյճանի հետ իրենց յարաբերութիւններուն չվնասելու համար: Դիւանագիտական լայն աշխատանքներու շնորհիւ հնդկական «Փինաքա» հրթիռային համակարգերը Իրանի վրայով հասան Հայաստան:
Վերջին օրերուն նոր հորիզոններ եւս բացուեցան Հայաստանի պաշտպանութեան համար: Եւրոմիութեան արտաքին գործերու նախարարները հաւանութիւն տուին Հայաստանի մէջ տեղակայուած դիտորդական առաքելութիւնը ընդարձակելու եւ Եւրոպական Խաղաղութեան Հիմնադրամին միջոցով Հայաստանի պաշտպանունակութիւնը բարձրացնելու:
Եւրոպական Խաղաղութեան Հիմնադրամը Եւրոպական Միութեան ռազմական եւ պաշտպանական նշանակութեան գործունէութիւնը ֆինանսաւորող գործիքակազմ է: Անոր պիւտճէն 7,9 միլիառ Եւրօ է 2021-2027 թուականներուն համար: Հիմնադրամի միջոցներուն մեծ մասը մինչեւ այժմ ստացած է Ուքրանիան: Օգտուելով սոյն հիմնադրամի միջոցներէն Հայաստան պիտի կարողանայ ձեռք ձգել արեւմտեան աւելի նոր տեսակի արդիական զինատեսակներ:
Հայաստանի զինուած ուժերուն պաշտպանական կարողութիւններուն հզօրացումը կը մտահոգէ Ատրպէյճանին, ու ան կը բողոքէ Ֆրանսայի եւ Հնդկաստանի կողմէ մատակարարուող սպառազինութեան դէմ, հակառակ որ ինք կը ծախսէ եռապատիկ գումարներ յարձակողական զէնքերու վրայ:
Պաքուն զգոյշ ըլլալու պատճառներ ունի եւ փաստը այն է որ, վերջին մէկ ամսուան ընթացքին զգալիօրէն նուազած են կրակոցները Հայ-ատրպէյճանական սահմանի երկայնքին:
2016-ի քառօրեայ պատերազմի ու 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Հայաստանի զինուած ուժերը ամենէն աւելի վնաս կրցեցին ու զոհեր տուին «տրոներու» պատճառաւ: Ներկայիս Հայաստան կÿաշխատի հնդկական ընկրութենէ մը անօդաչու թռչող սարքերու դէմ պայքարի համակարգեր ձեռք ձգելու համար, որպէսզի փակէ նաեւ իր երկինքը:
Բանակի հզօրացումը պիտի դառնայ միակ երաշխիքը Հայաստանի սահմանները անառիկ պահելու համար:
Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»