Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Աղան Գոգչյեանը տեղեկացուցած է, որ Երուսաղէմի պատրիարքութեան պատկանող «Կովերու պարտէզ» անունով յայտնի կալուածի վարձակալութիւնը չեղարկելու նամակէն յետոյ երկրորդ կողմը նամակին պատասխան տալու փոխարէն սկսած է կալուածի պարիսպը եւ կայանատեղերը քանդել, ասֆալթը հեռացնել՝ սպառնալով շատ աւելի մեծ վնաս պատճառել:
Աւելի վաղ ներկայացուցած էինք, որ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Աղան Գոգչյեան հաղորդագրութիւնը, որուն համաձայն՝ վերջինս գրած էր. «երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը սոյնով կը տեղեկացնէ, որ նամակ ուղարկած է Xana Gardens Ltd-ին՝ տեղեկացնելով, որ չեղարկած է Երուսաղէմի Հին Քաղաքի Հայկական Թաղամասի «Կովերու պարտէզ» կալուածի վերաբերեալ 2021 թուականի Յուլիս 8-ին ստորագրուած համաձայնագիրը»։
Գոգչեանը նոր հաղորդագրութեամբ տեղեկացուցած է, որ երկրորդ կողմը նոյնիսկ զէնքով զինուած անվտանգութեան աշխատակիցներ եւ վարժեցուցած շուներ բերած է կալուած՝ պահանջելով ազատել հայկական ներկայութիւնը։ Ի պատասխան այդ պահանջին՝ Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքը, Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան անդամները եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչները հաւաքուած էին այնտեղ՝ խաղաղ կերպով իրենց դժգոհութիւնն ու անհամաձայնութիւնը յայտնելու այդ առթիւ:
«Քանի մը ժամ անց կողմերը պայմանաւորած են հեռանալ կալուածէն եւ ոչինչ չձեռնակել այնքան ժամանակ, մինչեւ Պատրիարքութիւնը ստանայ համաձայնագիրը չեղարկելու իր նամակին պատասխանը», գրած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետը։