Ռուսիոյ ժողովրդական արուեստագէտ Լիա Ախեճաքովան օրերս յայտնած է, որ Ռուսաստանի անգործութեան համար ներողութիւն կը խնդրէ Հայաստանէն. «Իսկ ո՞ւր է մեր բանակը։ Հերթական ամօթը, խոստացան ու լքեցին։ Ներէ մեզի, Հայաստան»։
Նշենք, որ յայտնի դերասանուհին նախորդ տարուընէ, երբ սկսաւ ռուս-ուքրանական պատերազմը, կը հետապնդուի Ռուսաստանի իշխանութիւններուն կողմէ միայն այն բանին համար, որ դէմ արտայայտուած է պատերազմին։ Եւ այդ հասաւ ընդհուպ այնտեղ, որ ճնշման հետեւանքով 85-ամեայ դերասանուհին ազատուեցաւ աշխատանքէն։ Ան 50 տարիի կ’աշխատէր «Սովրեմեննիք» թատրոնին մէջ։
Յիշեցնենք նաեւ, որ սիրուած դերասանուհին վերջերս կը գտնուէր Հայաստանի մէջ, ուր հայ հանդիսատեսին ներկայացաւ իր «Իմ թոռ Պենիամին» ներկայացմամբ։