Հայաստանի երկրորդ նախագահի որդին՝ Լեւոն Քոչարեանը մէկ ամիսով պիտի կալանաւորուի: Այդ մասին Ֆէյսպուքով գրած է փաստաբան Ալեքսանտր Քոչուպաեւը:
Ռոպերթ Քոչարեանի որդին բերման ենթարկուած էր Սեպտեմբեր 22-ին Երեւանի մէջ բողոքի շարժման ժամանակ:
Փաստաբանին փոխանցմամբ՝ քննիչը Լեւոն Քոչարեանին մեղադրանք առաջադրած է իշխանութեան ներկայացուցիչի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու համար։ Լեւոն Քոչարեանը մեղադրանքը չ’ընդունիր՝ բնորոշելով զայն որպէս կեղծ։
Հաղորդուեցաւ, որ Քննչական Կոմիտէն նախկին նախագահի որդին կալանաւորելու միջնորդութիւն մուտքագրած է դատարան:
Քննչական Կոմիտէն Կիրակի օր յայտնեց, որ Երեւանի մէջ հաւաքներու ընթացքին կալանաւորուած է 26 հոգի։