Կնիազ Իբոյեանը ոսկէ մետալ նուաճեց Սպանիոյ Սանտիակօ տէ Կոմփոստելա քաղաքին մէջ կատարուող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդական առաջնութեան:
92 քկ կարգի եզրափակիչին Մ23 Եւրոպայի փոխախոյեանը գօտեմարտեց թուրք Մուհամէտ Կիմրիի հետ եւ յամառ պայքարի ընթացքին յաղթանակ հասաւ 3:2 արդիւնքով:
Հայաստանի խումբը ազատ ոճի Եւրոպայի երիտասարդական առաջնութեան պայքարը աւարտեց 1 ոսկէ, 3 արծաթէ եւ 2 պրոնզէ մետալներով: