Արեւմտեան պատժամիջոցներէն խուսափելու համար հայաստանեան դրամատուները կ’արգելափակեն այստեղէն արտահանուած ելեկտրոնային սարքերու` սըրվըրներու, միքրոչիփերու, փրոսեսըրներու դիմաց Ռուսիայէն եկող վճարումները, գրած է ռուսական «Կոմերսանթ»ը:
Պատժամիջոցներու տակ կը յայտնուին այն ընկերութիւնները, որոնք, Արեւմուտքի համոզմամբ, կ’աջակցին ռուսական բանակին ու ռազմաարդիւնաբերութեան:
Ելեկտրոնային սարքերու ռուսական շուկային մէջ աշխատող աղբիւրները, որոնց «Կոմերսանթ»ը չի բացայայատեր, պատմած են, թէ Ղազախստանի, Հայաստանի ու Հոնկքոնկի դրամատուները վերջին երկու շաբաթներուն յաճախակի կ’արգելափակեն այս ապրանքներուն դիմաց իրենց վճարումները: Ըստ ռուսական լրատուամիջոցին, արտահանման նման խստացումները կէս տարուան ընթացքին ելեկտրոնային սարքերու պակաս կրնան յառաջացնել Ռուսիոյ մէջ:
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունէն «Ազատութեան» տեղեկացուցին, որ դրամատուները ինքնուրոյն կը կառավարեն իրենց վտանգները եւ հաստատեցին, որ Ռուսիոյ նկատմամբ կիրառուող նոր պատժամիջոցներուն պատճառով խստացումներու կ’երթան. «Դա կրում է շարունակական բնոյթ, եւ դրա շրջանակներում զգալիօրէն խստացւում են պայմանները տարածաշրջանի բոլոր դրամատուների, այդ թւում նաեւ հայկական դրամատուների արտասահմանեան գործարքների համար: Այդ գործընթացի ներքոյ կարող է աւելանալ նաեւ որոշակի բնոյթի գործարքներ կատարելու մերժումների քանակը, եթէ առեւտրային դրամատուները, ըստ իրենց գնահատման չափանիշների, գործարքները գնահատեն որպէս վտանգաւոր»:
«Ազատութիւն»ը դիմած է Ելեկտրոնային սարք վաճառող շուրջ 30 ընկերութեան` պարզելու, թէ արդեօք վերջերս ունեցա՞ծ են Ռուսիայէն գումար ստանալու խնդիրներ: Որեւէ յստակ պատասխան, սակայն, չստացանք: Ոմանք կ’ըսէին, որ` նման տեղեկութիւն չունին, ոմանք ալ ընդհանրապէս կը խուսափէին հարցումին պատասխանելէ:
Վերջին ամիսներուն Հայաստանը յաճախ կը ներկայացուի որպէս դէպի արգիլուած ապրանքները Ռուսիա հասցնող տարանցիկ երկիր: Պաշտօնական վիճակագրութիւնն ալ կը վկայէ, որ ռուս-ուքրանական պատերազմէն յետոյ Հայաստանէն Ռուսիա ելեկտրոնային սարքերու արտահանումը զգալի աճած է:
Օրինակ, եթէ 2021-ի առաջին վեց ամիսներուն Հայաստանէն Ռուսիա արտահանուած էր 745 հատ հեռախօս, մոտըմ, ապա 2022-ի նոյն ժամանակահատուածին թիւը հասած է 53 հազարի:
Հեղինակաւոր «New York Times»-ն ալ, յղում ընելով պաշտօնական փաստաթուղթի, գրած էր, թէ Հայաստանը անցեալ տարի 515 տոկոսով աւելցուցած է չիփերու եւ փրոսեսըրներու ներկրումը Միացեալ Նահանգներէն, 212 տոկոսով` Եւրոմիութենէն: Ըստ ամերիկեան պարբերականին, յետոյ այդ ապրանքներուն 97 տոկոսը արտահանուած է Ռուսիա` օգտագործուելով ռազմարդիւնաբերութեան մէջ:
Ե՛ւ Միացեալ Նահանգները, ե՛ւ Եւրոմիութիւնը Հայաստանին յաճախ կը զգուշացնեն` չօգնել Ռուսիոյ այս հարցով: