Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաքու Անխուսափելի Կը Համարէ Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Պայմանագրի Ստորագրումը

Պաքու Անխուսափելի Կը Համարէ Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Պայմանագրի Ստորագրումը

by MassisPost

Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով անխուսափելի համարած է Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը:

«Մայիսին աշխոյժ բանակցութիւններ տեղի ունեցած են: Սկիզբը Ուաշինկթընի մէջ (Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարներուն մակարդակով), ապա` Մոսկուայի մէջ: Բացի անկէ, երկու երկիրներուն ղեկավարները քանի մը անգամ հանդիպած են: Մօտ ժամանակներս Ուաշինկթընի մէջ տեղի պիտի ունենայ բանակցութիւններու հերթական փուլը (արտաքին գործերու նախարարների մակարդակով)», լրագրողներուն ըսած է Պայրամով` նշելով նաեւ, որ Մայիսին կայացած բանակցութիւններու օրակարգային թեմաներէն մէկը եղած է Ապրիլին Հայաստանի մէջ ձերբակալուած ատրպէյճանցի զինուորներուն ճակատագիրը:

Անոր խօսքով` Ատրպէյճանը հանդէս եկած է Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու նախաձեռնութեամբ` հիմնուած միջազգային իրաւունքին համահունչ 5 հիմնական սկզբունքներու վրայ:

«Խաղաղութիւնը անխուսափելի է, յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագիր պէտք է ստորագրուի», ըսած է ան:

Պայրամով միաժամանակ նշած է, որ խաղաղութեան պայմանագրով կան կէտեր, որոնք համաձայնեցուած չեն կողմերուն միջեւ, ուստի բանակցութիւնները պիտի շարունակուին:

Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը նաեւ կը կարծէ, թէ, ընդհանուր առմամբ, տարածաշրջանին մէջ տեղի կ’ունենան շատ կարեւոր գործընթացներ:

Քիշնեւեան բանակցութիւններէն յետոյ հայ համայնքին հետ հադնիպման ժամանակ վարչապետ Փաշինեան տեղեկացուցած էր, որ Յունիս 12-ին Ուաշինկթընի մէջ կը սպասուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպում:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment