Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Զէնք Գնելու Հարցով Աշխոյժ Քննարկումներ Կ’ունենայ Բազմաթիւ Երկիրներու Հետ․ Արմէն Գրիգորեան

Հայաստանը Զէնք Գնելու Հարցով Աշխոյժ Քննարկումներ Կ’ունենայ Բազմաթիւ Երկիրներու Հետ․ Արմէն Գրիգորեան

by MassisPost

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը յայտնած է, որ կան բազմաթիւ երկիրներ, որոնց հետ Հայաստանը աշխոյժ քննարկումներ կ’ունենայ զէնք գնելու հարցով:

Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին Արմէն Գրիգորեան ընդգծած է, որ որոշ պարագաներու արդէն արդիւնքներ կան, որոշ երկիրներու հետ ալ բանակցութիւնները կը շարունակուին:

Գրիգորեան ընդգծած է, որ Հայաստանը հաշուի կ’առնէ այն իրողութիւնը, որ Ռուսիան Ուքրանիոյ հետ պատերազմը սպասարկելու խնդիր ունի եւ անոր կարողութիւնները չեն բաւարարեր, որպէսզի նաեւ զէնքի արտահանում իրականացնէ:  «Այս ամէնը հաշուի առնելով` Հայաստանը գնացել է այլ աղբիւրներ փնտռելու ճանապարհով»,  նշած  է Գրիգորեան:

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը նաեւ նշած է, որ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան անդամ ըլլալը այս պահին չի սահմանափակեր Հայաստանի համագործակցութիւնը տարբեր երկիրներու հետ` չնայած նախապէս որոշակի սահմանափակումներ եղած են: «Մենք աշխոյժ աշխատում ենք նաեւ մեր արեւմտեան գործընկերների հետ անվտանգութեան ոլորտում  մեր համագործակցութիւնն ամրապնդելու համար եւ շարունակելու ենք այս աշխատանքը», ըսած է Գրիգորեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment