Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Ու Պաքուի Միջեւ Բաց Երկխօսութիւնը Կարեւոր Է Յառաջընթացի Համար. ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւն

Երեւանի Ու Պաքուի Միջեւ Բաց Երկխօսութիւնը Կարեւոր Է Յառաջընթացի Համար. ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւն

by MassisPost

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը արձագանգած է «Ամերիկայի Ձայն»ի հարցման, իսկ վարչապետ Փաշինեան` տեղեկացուցած է Յունիս 12-ին Ուաշինկթընի մէջ սպասուող Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպման մասին:

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը կը կարեւորէ Երեւանի ու Պաքուի միջեւ բաց երկխօսութիւնը` յառաջընթաց արձանագրելու համար` ի պատասխան հարցումին` արձագանգած է ԱՄՆ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան պաշտօնեան, որ, սակայն, չէ փափաքած հրապարակել իր անունը:

«Ոգեւորուած ենք շարունակական ներգրաւուածութեամբ եւ յառաջընթացով, որ առկայ է խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ կողմերուն միջեւ բանակցութիւններուն մէջ, այդ շարքին Քիշնեւի մէջ տեղի ունեցած առաջնորդներու հանդիպումը: Բաց երկխօսութիւնը կարեւոր է յառաջընթացի համար` ներառեալ հեռանկարներու լիարժէք ըմբռնումը: Պիտի շարունակենք խրախուսել երկխօսութիւնը եւ աջակցիլ կողմերուն, երբ անոնք կ’աշխատին երկարատեւ եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու համար», ըսուած է Պետական Քարտուղարութեան պաշտօնեային պատասխանին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment