Հայաստան ստացած է հրաւէր` մասնակցելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի երդմնակալութեան արարողութեան:
Վարչապետի աշխատակազմին փոխանցմամբ` Յունիս 3-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մեկնի Անգարա` արարողութեան մասնակցելու համար:
Անկախ Հայաստանի պատմութեան ընթացքին սա Երեւանի` ամենաբարձր մակարդակով մասնակցութիւնն է այդ արարողութեան: Մինչ օրս Հայաստանը Թուրքիոյ նախագահի երդմնակալութեան միայն մէկ անգամ մասնակցած է` 9 տարի առաջ՝ 2014-ի Օգոստոսին: Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան օրօք դարձեալ Էրտողանի երդմնակալութեան մասնակցած էր արտաքին գործերու նախարար Էտուարտ Նալպանտեանը: