Հակափտածութեան Կոմիտէի նախագահ Սասուն Խաչատրեանը առողջապահութեան նախկին նախարար, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արսէն Թորոսեանը Քովիտի ընթացքին կատարուած չարաշահումներու գործի ծիրին մէջ հարցաքննելու անհրաժեշտութիւն կը տեսնէ: Այս մասին Սասուն Խաչատրեանը ըսաւ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին:
«Չգիտեմ, քննիչը ծանուցումը ուղարկել է, թէ չէ, բայց կարծում եմ, որ Արսէն Թորոսեանին հարցաքննելու անհրաժեշտութիւն կայ», ըսաւ Խաչատրեան:
Քովիտի ընթացքին կատարուած չարաշահումներու գործի ծիրին մէջ կալանաւորուած էր 2020-2022 թուականներու առողջապահութեան նախարարի տեղակալի պաշտօնը զբաղեցուցած Գէորգ Սիմոնեանը, որ այժմ ազատ արձակուած է, «Մետլայն» բժշկական կեդրոնի տնօրէն Բաբգէն Շահումեանը եւ Թոքաբանութեան ազգային կեդրոնի դեղակայուն բաժանմունքի վարիչը, որոնց նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է տնային կալանքը:
Ըստ Հակափտածութեան Կոմիտէին մէջ քննուող վարոյթին` Գէորգ Սիմոնեանը, 2020-2022 թուականներու ընթացքին զբաղեցնելով ՀՀ առողջապահութեան նախարարի տեղակալի պաշտօնը, անձնական շահագրգռուածութենէն ելլելով չէ կատարած իր ծառայողական պարտականութիւնները, որուն հետեւանքով էական վնաս պատճառուած է պետութեան օրինական շահերուն: