Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոպացիներու Հեղինակութիւնը Նժարի Վրայ

Եւրոպացիներու Հեղինակութիւնը Նժարի Վրայ

by MassisPost

«Առնուազն հասկնալի չեն Ատրպէյճանի նախագահին նախօրէին կատարած շարք մը յայտարարութիւններ: Ես կը կարծեմ, որ այստեղ ե’ւ Ատրպէյճանը, ե’ւ միջազգային գործընկերները պէտք է առնուազն պարզաբանեն, թէ արդեօք այդ կը նշանակէ հրաժարո±ւմ Պրիւքսէլի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն», հարց տուաւ Հայաստանի վարչապետը խօսքը ուղղելով Եւրոպացի միջնորդներուն, ու անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւններուն, ուր ան նոր նախապայմաններ կը դնէ, անտեսելով Մայիս 14-ին Պրիւքսէլի մէջ կայացած Փաշինեան-Ալիեւ-Միշէլ եռակողմ հանդիպումին, որուն աւարտին Եւրոպայի Խորհուրդի նախագահը յայտարարած էր որ, կողմերը ճանչցած են միմիանց հողային ամբողջականութիւնը ու քննարկած` փոխադրութեան եւ տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան ապահովման աշխատանքներուն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագրին, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հասցէագրման անհրաժեշտութեան:

«Ես յորդորած եմ Ատրպէյճանին ներգրաւուիլ դրական օրակարգի մշակման` երաշխաւորելու հայերու անվտանգութիւնը` միջազգային հանրութեան հետ սերտ համագործակցութեամբ: Ես բարձրաձայնած եմ նաեւ Պաքուի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան միջեւ թափանցիկ երկխօսութեան անհրաժեշտութեան մասին», ըսած էր Շարլ Միշէլ:

Վերջին օրերուն, Ալիեւ հանդէս եկաւ շարք մը յայտարարութիւններով, որոնց բովանդակութիւնը այն է որ, Պաքու ոչ մէկ ձեւով պատրաստ է խաղաղութեան: Նախ Մոսկուայի մէջ  ան դարձեալ խօսեցաւ «Զանգեզուրի Միջանցքի» մասին, որուն պատճառաւ տեղի ունեցաւ բանավէճ` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ: Ապա, Լաչինի մէջ ան յայտարարեց, որ պէտք է լուծարուին Արցախի խորհրդարանն ու կառավարական այլ մարմինները, իսկ «ինքզինք նախագահ կոչող անձը», ըսել կ’ուզէ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, պէտք է յանձնուի Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն: Ալիեւ կը պահանջէ նաեւ, Հայաստանի բանակը դուրս հանել Լեռնային Ղարաբաղէն, հակառակ որ, Արցախի մէջ ներկայիս կան միայն Պաշտպանութեան Բանակի միաւորները:

Ալիեւ նաեւ չվարանեցաւ Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւններու դիմելու սպառնալիք հնչեցնելէ. հակառակ որ, հոն կան Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերը, որոնք 44-օրեայ պատերազմի աւարտին` կողմերու համաձայնութեամբ տեղակայուած են այնտեղ, սակայն  դժբախտաբար, Ռուսական կողմը  հոս եւս կը թերանայ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները կատարելէ:

Այս շաբաթ, նախատեսուած է Շարլ Միշելի հովանաւորութեամբ մէկ այլ հանդիպում: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները Քիշինեւի մէջ պիտի մասնակցին  Եւրոպական Գագաթաժողովին եւ հոն կը սպասուի հնգակողմ հանդիպում Նիկոլ Փաշինեանի, Իլհամ Ալիեւի, Շարլ Միշելի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ու Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի մասնակցութեամբ:

Մագլցողական ելոյթներու զուգահեռ, Պաքու կը յայտարարէ որ, Քիշինեւի մէջ կրնայ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրուիլ, իսկ Երեւան կը հերքէ  նման օրակարգի գոյութիւնը: Յստակ է որ, Ալիեւ կը փորձէ այս ժողովէն առաջ եւս ինքզինք «խաղաղասէր» ներկայացնելով օրօրել Եւրոպացիներուն: Ժամանակն է որ, վերջ տրուի նման աճպարարութիւններուն ու եւրոպացիք պարտաւոր են դիմելու աւելի գործնական քայլերու, օրինակ ազդարարելով որ, կրնան վերջ տալ Ատրպէյճանի եւ Եւրոպայի միջեւ կնքուած կազի համաձայնագիրին, որ միայն անցեալ տարի Ատրպէյճանին ապահոված է 15 միլիառ տոլարի եկամուտ:

Նժարի վրայ է Շարլ Միշէլի եւ Եւրոպացի այլ խաղացողներու հեղինակութիւնը ու անոնց ուսերուն Կ’իյնայ պարտաւորեցնել Ատրպէյճանի բռնապետին` յարգելու սեղանի վրայ գոյացած համաձայնութիւնները:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment