Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Մասնակցած Է Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի Երկրորդ Գագաթաժողովին, Զրոյցներ Ունեցած Է Շարք Մը Երկիրներու Առաջնորդներուն Հետ

Փաշինեան Մասնակցած Է Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի Երկրորդ Գագաթաժողովին, Զրոյցներ Ունեցած Է Շարք Մը Երկիրներու Առաջնորդներուն Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Քիշնեւի մէջ մասնակցած է Եւրոպական քաղաքական համայնքի երկրորդ գագաթաժողովին:

Աւելի քան չորս տասնեակ երկիրներու ղեկավարները միջոցառման վայրին մէջ դիմաւորած է Մոլտովայի նախագահ Մայա Սանտուն, որմէ յետոյ սկսած են գագաթաժողովի աշխատանքները: Յաջորդիւ կայացած է միջոցառման մասնակիցներու լուսանկարահանման արարողութիւնը:

Վարչապետ Փաշինեան մասնակցած է նաեւ «Ուժանիւթ, կապ» թեմայով կլոր սեղան քննարկման:

Նիկոլ Փաշինեան գագաթաժողովի ծիրին մէջ կարճատեւ զրոյցներ ունեցած է շարք մը երկրիներու ղեկավարներու հետ: Մասնաւորապէս, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ վարչապետը զրուցած է Սլովենիոյ վարչապետ Ռոպերթ Կոլոպի, Լաթվիոյ վարչապետ Քրիշթեանիս Քարինշի, Միացեալ Թագաւորութեան վարչապետ Ռիշի Սունաքի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, Անտորրայի վարչապետ Խավիեր Էսփոթ Զամորայի, Լիթուանիոյ նախագահ Կիթանաս Նավսետայի, Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի, Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռութէի, Փորթուկալի վարչապետ Անթոնիօ Գոշթայի, Շուէտի վարչապետ Ուլֆ Քրիսթերսոնի, Շուէտի նախագահ Ալէն Պերսեթի, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հետ:

Քիշնեւի մէջ նախատեսուած է նաեւ ՀՀ վարչապետին, Ֆրանսայի նախագահին, Գերմանիոյ վարբապետին, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին եւ Ատրպէյճանի նախագահին հնգակողմ հանդիպումը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment