Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը Հանդիպած Է Քաթարի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը Հանդիպած Է Քաթարի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

by MassisPost

Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեանը Քաթարի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ հանդիպած է Քաթարի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Նախագահը մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Հայաստանի եւ տարածաշրջանին մէջ ընթացող շարք մը իրողութիւններու, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի, Հայաստանի ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ:

Հայաստանի նախագահը պատասխանած է հայ համայնքի ներկայացուցիչները յուզուղ հարցերուն, կարեւորած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կապերու ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը, անդրադարձած է սփիւռքահայերուն կողմէ Հայաստանի մէջ առեւտուր եւ տնտեսական գործունէութիւն իրականացնելու հնարաւորութեան եւ այլ հարցերու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment