Իրավիճակը, չնայած դժուարութիւններուն, կը զարգանայ կարգաւորման ուղղութեամբ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ մնացեալ հարցերը տեխնիկական բնոյթ կը կրեն եւ յաղթահարելի են, այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն հետ եռակողմ հանդիպման մեկնարկին:
«Ընդհանուր առմամբ, իմ կարծիքով, չնայած բոլոր դժուարութիւններուն եւ խնդիրներուն, որոնք դեռ բաւականաչափ են, ընդհանուր առմամբ իրավիճակը կը զարգանայ կարգաւորման ուղղութեամբ», յայտնած է Քրեմլինի ղեկավարը` առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններու, միայն նշելով, որ անոնք «զուտ տեխնիկական բնոյթ կը կրեն»:
Փութինի խօսքով` «հարցը եզրաբանութեան մէջ է»:
«Ի հարկէ, այդ եզրերու ետին պէտք է ըլլայ ճշգրիտ պատկերացում այն իրողութիւններուն եւ իրադարձութիւններուն մասին, որոնք պիտի հետեւին համապատասխան փաստաթուղթերու ստորագրման, բայց մեր կարծիքով` նկատի ունիմ բոլորիս` ե՛ւ Ատրպէյճանի նախագահին, ե՛ւ Հայաստանի վարչապետին, անոնք յաղթահարելի խոչընդոտներ են: Մեծ հաշուով` անոնք գոյութիւն չունին, զուտ տեխնիկական հարցեր են», ըսած է Ռուսիոյ առաջնորդը:
Քրեմլինի ղեկավարը առաջարկած է Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետերուն մէկ շաբաթէն հանդիպիլ եւ վերջնական տեսքի բերել տարածաշրջանին մէջ ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հետ կապուած մնացած հարցերը:
Հանդիպման ընթացքին Փութինը, Փաշինեանն ու Ալիեւը քննարկած են տարածաշրջանային փոադրութեան եւ տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերող հարցեր, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է աշխատանքները շարունակել մէկ շաբաթէն` երեք երկիրներու փոխվարչապետներու հանդիպման շրջանակին մէջ, կը հաղորդէ Հայաստանի կառավարութիւնը:
Ատրպէյճանի նախագահին գրասենեակը եռակողմ բանակցութիւններու արդիւնքներուն մասին չէ հաղորդած, միայն տեղեկացուցած է, որ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն մակարդակով հանդիպում: Զայն հիւրընկալող Վլատիմիր Փութինը մինչ այս առանձին հանդիպումներ ունեցած է Իլհամ Ալիեւի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
Հայաստանը իսկապէս շահագրգռուած է ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերով, երկկողմ հանդիպման ընթացքին շեշտած է Նիկոլ Փաշինեան: Ան ընդգծած է, որ հայկական կողմը պատրաստ է սկսելու բոլոր փոխադրութեան եւ տնտեսական կապերն ու հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը` հիմնուած Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ իրաւասութեան վրայ: