Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Իրաւապահները Դիմած Են ԱՄՆ-ին` «Հանրային Ձայն» Կուսակցութեան Նախագահ Վարդան Ղուկասեանը Արտայանձնելու Համար

ՀՀ Իրաւապահները Դիմած Են ԱՄՆ-ին` «Հանրային Ձայն» Կուսակցութեան Նախագահ Վարդան Ղուկասեանը Արտայանձնելու Համար

by MassisPost

«Հանրային Ձայն» կուսակցութեան նախագահ Վարդան Ղուկասեանը (Դոգ) շորթման մեղադրանքով կալանաւորելու որոշում կայացուած է․ ՀՀ իրաւապահները դիմած են ԱՄՆ-ին` զայն արտայանձնելու համար

ՀՀ Քննչական Կոմիտէն տեղեկացուցած է, որ ՀՀ ՔԿ ԵՔՔՎ ծանր յանցագործութիւններու քննութեան բաժնին մէջ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի նախաքննութեամբ ձեռք բերուած են բաւարար փաստական տուեալներ «Հանրային Ձայն» կուսակցութեան ղեկավարներ հանդիսացող` «Դոգ» ծածկանունով յայտնի Վարդան Ղուկասեանի, Արտակ Գալստեանի, ինչպէս նաեւ` երկու այլ անձերու կողմէ խումբի կազմին մէջ քաղաքացի Տ․Ա․-էն 53.806.500 դրամին համարժէք 110.000 ԱՄՆ տոլար գումարի չափով շորթում կատարելու, ինչպէս նաեւ` ծառայութիւններու մատուցման քօղի ներքոյ գիշերային ակումբի պատասխանատու ներկայացուցիչին գոյքային պահանջներ ներկայացնելու, վերջինէն առանձնապէս մեծ չափերով` 60.000-100.000 ԱՄՆ տոլար գումարի չափով շորթում կատարելու վերաբերեալ:

Ձեռք բերուած փաստերու հիման վրայ Վ. Ղուկասեանին եւ Ա. Գալստեանին, ինչպէս նաեւ Վ․ Ղուկասեանին` եւս երկու յանցակիցներու նկատմամբ խումբի կազմին մէջ առանձնապէս մեծ չափերով շորթում կատարելու համար յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում: Ա․ Գալստեանին եւ նշուած երկու անձերուն ներկայացուած է մեղարդանք, անոնց նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է կալանքը:

Իրականացուած վարութային եւ ապացուցողական ծաւալուն գործողութիւններու ընթացքին փաստական տուեալներ ստացուած են նաեւ այն մասին, որ Վ․ Ղղուկասեանը 2021 թուականի Յուլիս 9-ին «Youtube.com» կայքի` իր անուամբ բացուած անհատական էջով հանրութեան համար հասանելի ձեւաչափով հրապարակուած տեսաելոյթի ընթացքին ցուցաբերած է դատարանին նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունք:

Բացի անկէ, 2022 թուականի Նոյեմբեր 12-ին հանրութեան լայն շրջանակների համար հասանելի «youtube.com» եւ «facebook.com» ընկերյին կայքերու իր անհատական էջերով հնչեցուցած է անձերու խումբին` պայմանագրային զինուորներու նկատմամբ, քաղաքական հայեացքներով պայմանաւորուած, բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչեր եւ արդարացուցած անոնց նկատմամբ այդպիսի բռնութիւնը:

Վարոյթը իրականացնող մարմինին կողմէ միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան` Վ․ Ղղուկասեանի նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու վերաբերեալ, որ բաւարարուած է:

Ըստ ՀՀ Ներքին Գործերու Նախարարութեան Ոստիկանութենէն ստացուած տեղեկատուութեան` Ոստիկանութիւնը միջոց ձեռնարկած է Ինթերփոլի միջոցով Վ․ Ղուկասեանի նկատմամբ միջազգային հետախուզում իրականացնելու նպատակով:

Միաժամանակ, քրէական վարոյթի շրջանակներուն մէջ ձեռք բերուած են տուեալներ առ այն, որ Վ․ Ղուկասեանը կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ելլելով անկէ` քրէական վարոյթին առնչուող բոլոր անհրաժեշտ փաստաթուղթերուն փաթեթը, ինչպէս նաեւ Վ․ Ղուկասեանին յայտնաբերելու, գործող իրաւական մեխանիզմներով վերջինս ՀՀ իրաւասու մարմիններուն փոխանցելու հարցով անհրաժեշտ օժանդակութիւն ցուցաբերելու վերաբերեալ ԱՄՆ իրաւասու մարմիններուն ուղղուած իրաւական օգնութեան միջազգային հարցումը փոխանցուած է ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութեան` այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ ընթացակարգ ապահովելու նպատակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment