Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՍԴՀԿ Պատուիրակութեան Այցելութիւնը Առաջնորդ` Յովնան Արք. Տէրտէրեանին

ՍԴՀԿ Պատուիրակութեան Այցելութիւնը Առաջնորդ` Յովնան Արք. Տէրտէրեանին

by MassisPost

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինի պատուիրակութիւնը այցելեց   Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ` Յովնան Արք. Տէրտէրեանին շնորհաւորելու համար զինք` իր վերընտրութեան առթիւ:

Հանդիպումի ընթացքին եղան կարծիքներու փոխանակում համայնքային տարբեր հարցերու շուրջ:

Երկուստեք մտահոգութիւն յայտնուեցաւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ տիրող կացութեան մասին եւ կարեւոր նկատուեցաւ որ, Լոս Անճելըսի Հայ Համայնքը  մնայ միասնական:

Հնչակեան պատուիրակները ներկայացուցին կուսակցութեան  յառաջիկայ ծրագիրները, ինչպէս նաեւ ծանօթացան Առաջնորդարանի կողմէ ծրագրուող աշխատանքներուն: Որոշեցաւ սերտացնել երկկողմ համագործակցութիւնը:

ՍԴՀԿ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ընկերներ` Վազգէն Խոտանեան, Միհրան Խաչատուրեան, Վահէ Աջապահեան եւ ընկերուհի Կարինէ Տէփոյեան:

Հանդիպումին ներկայ էր Յովնան Սրբազանի օգնական` Տէր Երեմիա Վարդ. Աբգարեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment