Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միացեալ Թագաւորութեան եւ Հայաստանի Միջեւ կը Սկսի Ռազմավարական Համագործակցութեան Երկխօսութիւն․ Վարչապետը Ընդունած Է ՄԹ Եւրոպայի Հարցերով Պետական Նախարար Լէօ Տոքերթին

Միացեալ Թագաւորութեան եւ Հայաստանի Միջեւ կը Սկսի Ռազմավարական Համագործակցութեան Երկխօսութիւն․ Վարչապետը Ընդունած Է ՄԹ Եւրոպայի Հարցերով Պետական Նախարար Լէօ Տոքերթին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Միացեալ Թագաւորութեան Եւրոպայի հարցերով պետական նախարար Լէօ Տոքերթին:

Վարչապետը ողջունած է Տոքերթիի այցը Հայաստան եւ կարեւորած է Միացեալ Թագաւորութեան հետ տարբեր ոլորտներու մէջ սերտ համագործակցութիւնն ու զարգացումը: Նիկոլ Փաշինեանը համոզմունք յայտնած է, որ երկկողմ յարաբերութիւնները ունին յառաջընթացի մեծ ներուժ:

Լէօ Տոքերթին նշած է, որ արդէն իսկ յայտարարուած է Հայաստանի հետ ռազմավարական երկխօսութիւն սկսելու մասին եւ յաւելած է, որ իրենք հետաքրքրուած են տարբեր ուղղութիւններով կապերու ընդլայնմամբ:

Մասնաւորապէս, քննարկուած են առեւտրատնտեսական փոխգործակցութեան, արեւային ուժանիւթի եւ այլ ոլորտներու մէջ ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւններուն վերաբերող հարցեր: Վարչապետ Փաշինեան յաւելած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը շահագրգիռ է հայկական շուկայ բրիտանացի ներդրողներու ներգրաւմամբ:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, տարածաշրջանային փոխադրութեան եւ տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան ապահովման աշխատանքներուն, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակին, մասնաւորապէս, Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով ԼՂ-ի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին, Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան միջազգային մեխանիզմի ներդրման: Վարչապետը նշած է, որ ոչ միայն միջանցքը շրջափակելու, այլ նաեւ ԼՂ ժողովուրդին կազի եւ ելեկտրուժի մատակարարումներէն զրկելու Ատրպէյճանի քաղաքականութեան նպատակն է ցեղային զտման ենթարկել ԼՂ հայութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment