Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մէկ Թոն Քոքայինի Հասցէատէրը, Կարծես Թէ, Պանանի Ներկրմամբ Զբաղող Յայտնի Ընկերութիւն Է, Որուն Սեփականատէրը ԱԺ Նախկին ՀՀԿ-ական Պատգամաւոր Է

Մէկ Թոն Քոքայինի Հասցէատէրը, Կարծես Թէ, Պանանի Ներկրմամբ Զբաղող Յայտնի Ընկերութիւն Է, Որուն Սեփականատէրը ԱԺ Նախկին ՀՀԿ-ական Պատգամաւոր Է

by MassisPost

«Քիչ առաջ ԱԱԾ-ն այդ գործով իրականացրել է առաջին ձերբակալումը: Պիտի ասեմ, որ մէկ թոն քոքայինի հասցէատէրը, կարծես թէ, պանանի ներկրմամբ զբաղուող յայտնի ընկերութիւն է, որի սեփականատէրը ԱԺ նախկին պատգամաւոր է` այժմ հետախուզման մէջ գտնուող ՀՀԿ խմբակցութեան անդամ», այս մասին Ազգային Ժողշովին մէջ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ, ի պատասխան «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Խաչատրեանի հարցումին, պատասխանեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Վարչապետը, միաժամանակ շեշտեց, որ չ’ուզեր խախտել ոեւէ մէկուն անմեղութեան կանխավարկածը եւ շեշտեց, որ նմանօրինակ գործունէութեան մէջ կրնան ներգրաւուած ըլլալ ամենատարբեր մարդիկ եւ նման գործունէութեան մէջ կրնան ներառուած ըլլալ տարբեր մարդիկ` տարբեր կուսակցութիւններու անդամներ, անկուսակցականներ, հաւատացեալներ ու անհաւատներ: «Հիմա եթէ պարզուի, ոեւէ մէկը Հանրապետական կուսակցութեան անդամ է, մենք պէտք է հանրապետականներին` կուսակցութեան նախագահի գլխաւորութեամբ ձերբակալե՞նք», ըսաւ Փաշինեան ու շեշտեց, որ իրաւապահներուն առջեւ յստակ խնդիր դրած է, որ ոեւէ մէկուն կուսակցական պատկանելիութիւնը ոչ յօգուտ, ոչ ընդդէմ չի կրնար աշխատիլ: «Մեծ կուսակցութիւննէր են եւ ամէն կուսակցութեան մէջ էլ կարող են լինել մարդիկ, ովքեր պարզուի, այդքան էլ անկեղծ նուիրուած չեն գաղափարներին: Ցաւօք, մեր իրականութեան մէջ էդպիսի դէպքեր յաճախ են պատահում: Կամ էլ` նուիրուած են, կարող է», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:

Արձագանգելով` Արմէն Խաչատրեան նկատեց, որ հիմնաւոր կասկածներ կան, որ այսպիսի մեծ յանցագործութիւններու պարագային գործող յանցաւոր խումբերուն մէջ կ’ըլլան նաեւ պաշտօնատար անձեր, որովհետեւ առանց վերջիններուս թոյլտուութեան կամ մասնակցութեան նման դէպքեր գրեթէ չեն ըլլար:

Վարչապետն ալ իր հերթին նկատեց․ «Պաշտօնատար անձ հասկացութիւնը շատ լայն հասկացութիւն է: Հայաստանում հազարաւոր պաշտօնատար անձինք կան, եւ եթէ մենք պաշտօնատար անձանց նկատմամբ անաղարտութեան կանխավարկածով առաջնորդուէինք` հակափտածութեան քաղաքականութեան ոլորտում այդքան խորը քայլեր չէինք ձեռնարկի: Էդ քաղաքականութիւնը դրա համար է, չէ՞, որ մենք էդպէս էլ ելնում ենք, որ պաշտօնեան` ընդհակառակը, աւելի հեշտ ու աւելի արագ կտրուի գայթակղութիւնների ինչ-որ բան անել», ըսաւ վարչապետը:

Չնայած, որ ըստ վարչապետի խօսքին, մասնագիտական շրջանակներուն մէջ ալ միասնական կարծիք այս հարցի շուրջ չկայ, բայց քանի դեռ բացայայտման ծաւալները կը մեծնան, այդ պէտք է ինչ-որ առումով գոհացուցիչ ըլլայ, որովհետեւ, ցաւօք, չենք կրնար մտածել, որ թմրանիւթերու շրջանառութեան ծաւալները կը նուազին: «Հայաստանի Հանրապետութիւնը բարեբախտաբար, թէ դժբախտաբար Մարս մոլորակի վրայ չէ, եւ աշխարհի ամենազարգացած երկրներում թմրամիջոցների շրջանառութիւնն աճում է, եւ երբ որոշ թեթեւ նիւթերի օրինականացում է տեղի ունենում,  լաւ օրից չեն գնում այդ միջոցներին: Գնում են, որ որոշակիօրէն փորձեն օրէնքի դաշտում հսկողութեան տակ պահեն», եզրափակեց Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment