Երեւան կը գտնուին ԱՄՆ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչներ զօրավար-մայոր Քիթ Ֆիլիփսն ու Փաթրիք Փրայորը:
Զանոնք ընդունած է Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը:
Ըստ ԱԽ գրասենեակին` զրուցակիցները քննարկած են տարածաշրջանային եւ արտատարածաշրջանային անվտանգային իրավիճակը, կարեւորած է անվտանգութեան ոլորտին մէջ ՀՀ-ԱՄՆ համագործակցութիւնը:
Ըստ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպայութեան` ԱՄՆ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչները Հայաստանի մէջ են` քննարկելու անվտանգութեան ոլորտին մէջ աճող գործընկերութիւնը: Անոնք պիտի հանդիպին Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնեաներուն հետ:
Անոնք հանդիպած են նաեւ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ, քննարկած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ երկկողմ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող շարք մը հարցեր: